Ռուսական նոր «պատիժ»՝ Հայաստանին
Ռուսաստան Հայաստանը ընդգրկած է ԱՄՆ-ու պահանջով ռուս քաղաքացիներու ձերբակալման բարձր վտանգ ներկայացնող երկիրներու ցանկին մէջ
Քաջ գիտակից ենք ստեղծուած նոր իրողութեան. այսուհետեւ իւրաքանչիւր լուսաբացի ընդառաջ պէտք է սպասել ու պատրաստ ըլլալ Ռուսաստանի կողմէ նոր քաղաքական «հնարք»-ներու եւ անակնկալներու։ Այս մարտավարութեան նպատակը ակնյայտ է. կարելի բոլոր միջոցներով առաւելագոյնս վնաս հասցնել Հայաստանին, խաթարել անոր բնականոն ընթացքն ու միջազգային հարթակի վրայ վարկաբեկել երկիրը։ Ըստ էութեան, գործի կը դրուին ձեռքի տակ եղած բոլոր լծակները, որպէսզի Հայաստանը անպայմանօրէն «պատժուի» իր որդեգրած քաղաքական ուղեգիծին համար։
***
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Մարդկային իրաւանց հարցերու բազմակողմանի համագործակցութեան վարչութեան տնօրէն Կրիկորի Լուքեանցեւ յայտարարած է, թէ արտասահման մեկնելու ատեն Ռուսաստանի քաղաքացիները պէտք է յիշեն երրորդ երկիրներու մէջ ձերբակալուելու եւ ԱՄՆ-ու յանձնուելու վտանգին մասին։
«Շատ մը պետութիւններ, ոչ միայն Եւրոպական Միութեան մէջ, այլեւ աւելի լայն ծիրէ ներս, ունին յանձնումի որոշ յանձնառութիւններ։ Այս բոլորը պէտք է նկատի ունենալ արտասահման մեկնելու ընթացքին՝ քաղաքացիներուն դիմագրաւած վտանգները գնահատելու ատեն»,– նշած է Լուքեանցեւ։
Դիւանագէտը ընդգծած է, որ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը չ՚որոշեր, թէ ո՛ւր կրնան մեկնիլ Ռուսաստանի քաղաքացիները, եւ ո՛ւր՝ ոչ։ Նախարարութիւնը կրնայ միայն խորհուրդ տալ չայցելել որոշ երկիրներ, եթէ քաղաքացիները կը նկատեն, որ կրնան խնդիրներ ունենալ ամերիկեան կամ եւրոպական իշխանութիւններուն հետ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ ԱՄՆ-ու պահանջով Ռուսաստանի քաղաքացիներու ձերբակալման բարձր վտանգ ներկայացնող երկիրներու շարքին են Եւրոպայի եւ Լատինական Ամերիկայի մեծ մասը, ինչպէս նաեւ Աւստրալիան, Գանատան, Իսրայէլը, Մալտիվները, Հարաւային Գորէան, Սինկափուրը, Թայլանտը, Ֆիճին, Սրի Լանքան, Լիպերիան, Մարոքը եւ … Հայաստանը։
Միեւնոյն ժամանակ, Նախարարութենէն կը նշեն, որ այս ցանկը սպառիչ չէ եւ կան այլ երկիրներ եւս, որոնք ԱՄՆ-ու հետ ունին յանձնումի մասին պայմանագրեր։
***
Քիչ մը կատակ, քիչ մը լուրջ՝ ակամայ կը մտածենք, թէ Մոսկուայի այս յայտարարութիւնը կրնայ ունենալ նաեւ տրամագծօրէն հակառակ հետեւանք։ Բացառուած չէ, որ ԱՄՆ մեկնելու եւ հոն հաստատուելու մասին միշտ երազող մարդիկ ասիկա նկատեն իրենց բախտը փորձելու աննման առիթ մը։ Մանաւանդ որ, խորհրդային մշակոյթէն ժառանգուած եւ հայաստանցի մեր եղբայրներուն յայտնի «մի բան կ՚անենք»-ի մտայնութեամբ՝ ձերբակալութիւնն ու բանտարկութիւնը կրնան մղուիլ, յարաբերաբար, երկրորդական դիրքի, միայն թէ յաջողին իրենց ոտքը նետել ամերիկեան «ոսկեզօծ» ափեր։ Այս բոլորը նկատի ունենալու պարագային, ռուսերուն համար Հայաստանը ինքնաբերաբար կը դառնայ ԱՄՆ-ու «վիզա ձեռք բերել»-ու ամենամօտ հասցէն…։
