Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի յայտարարութիւնը

ԳՀԽ

Մայիս 19-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Գա­րեգին Բ. Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսին նա­խագա­հու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցած է Գե­րագոյն հո­գեւոր խոր­հուրդի (ԳՀԽ) ժո­ղովը։

Ժո­ղովի օրա­կար­գին մէջ ընդգրկուած էին Եկե­ղեցա­կան-ներ­կա­յա­ցուցչա­կան ժո­ղովի գու­մարման, երկրին դի­մաց ծա­ռացած ար­տա­քին եւ ներ­քին մար­տահրա­ւէր­նե­րուն, «հա­կաեկե­ղեցա­կան ար­շա­ւ»-ին, «ապօ­րինա­բար ազա­տազրկուած եկե­ղեցա­կան­նե­րուն եւ միւս հա­յոր­դի­ներ»-ուն նկատ­մամբ ըն­թա­ցող իրա­ւական գոր­ծընթաց­նե­րուն, կի­րակ­նօ­րեայ դպրոց­նե­րու դա­սագիր­քե­րու պատ­րաստման ու­ղե­նիշ­ե­րուն, ՀՀ Զի­նուած ու­ժե­րուն եւ քրէակա­տարո­ղական հիմ­նարկնե­րուն մէջ իշ­խա­նու­թեան նա­խաձեռ­նութեամբ հո­գեւոր ծա­ռայու­թեան դադ­րեցման առնչուող հար­ցեր։

Օրա­կար­գա­յին հար­ցե­րու ծի­րէն ներս ԳՀԽ-ն անդրա­դար­ձած է նաեւ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նա­խընտրա­կան պա­տուի­րակու­թեան Մա­յիս 13-ին հրա­պարա­կած մի­ջան­կեալ յայ­տա­րարու­թեան, ՀՀ խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րուն ըն­դա­ռաջ երկրին մէջ ստեղ­ծուած մտա­հոգիչ իրա­վիճա­կին եւ նա­խընտրա­կան շրջա­նին ար­ձա­նագ­րուած դա­տապար­տե­լի երե­ւոյթնե­րուն, որոնց առնչու­թեամբ հան­դէս եկած է յայ­տա­րարու­թեամբ.

«Գե­րագոյն հո­գեւոր խոր­հուրդը խո­րապէս մտա­հոգուած է ՀՀ յա­ռաջի­կայ խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րու նա­խաշե­մին՝ քա­րոզար­շա­ւի ըն­թացքին քա­րոզ­չա­կան անըն­դունե­լի մի­ջոց­նե­րու, անոնց կար­գին՝ բռնաճնշումնե­րու, ոչ իրա­ւաչափ ու­ժի կի­րարկման առնչու­թեամբ։ Տեղ գտնող թշնա­ման­քի ու ատե­լու­թեան խօ­սոյ­թը, ան­վա­յելուչ եւ ան­պարկեշտ բա­ռապա­շարը մի­միայն կը պա­ռակ­տեն եւ առա­ւել կը բե­ւեռաց­նեն մեր հա­սարա­կու­թիւնը՝ ժո­ղովուրդին մէջ յա­ռաջ բե­րելով ընդվզում, յու­սա­խաբու­թիւն եւ նոր լա­րուա­ծու­թիւն, նաեւ լրջա­գոյն սպառ­նա­լիք­ներ ստեղ­ծե­լով հա­յոց պե­տակա­նու­թեան հա­մար։

Ան­թոյլատ­րե­լի եւ դա­տապար­տե­լի կը նկա­տենք յա­նուն քա­ղաքա­կան սե­փական նկրտումնե­րու՝ Եկե­ղեց­ւոյ եւ եկե­ղեցա­կանու­թեան թի­րախա­ւոր­ման քայ­լե­րը, ինչպէս եւ Հա­յոց եկե­ղեցին քա­ղաքա­կան գոր­ծընթաց­նե­րուն մէջ ար­հեստա­կանօ­րէն ներ­քա­շելու փոր­ձե­րը։

Այս լոյ­սին տակ խիստ տա­րակու­սե­լի է ԵԽԽՎ-ի նա­խընտրա­կան պա­տուի­րակու­թեան՝ Մա­յիս 13-ի մի­ջան­կեալ յայ­տա­րարու­թեան մէջ Հա­յաս­տա­նեայց Առա­քելա­կան Սուրբ Եկե­ղեց­ւոյ «քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ ան­նա­խադէպ ներգրա­ւուա­ծու­թեան» վե­րաբե­րեալ ար­ձա­նագ­րուած գնա­հատա­կանը, զոր կը նկա­տենք ապա­տեղե­կատւու­թեամբ ուղղոր­դուած եւ ամ­բողջո­վին հա­կասող ԵԽԽՎ-ի 2026 թուակա­նի Յու­նուար 25-ի թիւ 2633 (2026) բա­նաձե­ւին։

Փո­խարէ­նը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միածի­նը ԵԽԽՎ-էն կ՚ակնկա­լէ յստակ գնա­հատա­կան­ներ Հա­յաս­տա­նի մէջ Հա­յոց եկե­ղեց­ւոյ դէմ իշ­խա­նու­թիւննե­րուն սան­ձա­զեր­ծած ար­շա­ւին, հա­կառակ երկրին օրէնսդրա­կան կար­գա­ւորումնե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին իրա­ւունքին՝ պե­տական լծակ­նե­րու բա­ցայայտ գոր­ծադրմամբ շա­րու­նա­կաբար դրուող ար­գելքնե­րուն եւ սահ­մա­նափա­կումնե­րուն առնչու­թեամբ, որոնք ուղղա­կի խո­չըն­դոտներ կը յա­րու­ցեն Եկե­ղեց­ւոյ հո­գեխ­նամ առա­քելու­թեան մէջ։ Հաս­ցէական ար­ձա­գան­գի կը կա­րօտին անօ­րինա­կան այնպի­սի գոր­ծո­ղու­թիւններ, ինչպէս՝ հար­կադրան­քի մի­ջոց­նե­րով եւ սպառ­նա­լիք­նե­րով եկե­ղեցա­կան­նե­րուն վրայ նե­րազ­դե­լու, շարք մը հո­գեւո­րական­նե­րու նկատ­մամբ ապօ­րինի քրէական վա­րոյթներ նա­խաձեռ­նե­լու, եկե­ղեցա­կան կա­նոնա­կար­գէն շե­ղած հո­գեւո­րական­նե­րը խրա­խու­սե­լու, առան­ձին քա­հանա­ներու հետ ապօ­րինի աշ­խա­տան­քա­յին պայ­մա­նագրեր կնքե­լու, իսկ կար­գա­լոյծնե­րը պե­տական հո­վանա­ւորու­թեամբ հո­գեւոր ծա­ռայու­թեան նշա­նակե­լու դա­տապար­տե­լի դէպ­քե­րը, որոնք ուղղա­կիօրէն կ՚ոտ­նա­հարեն թէ՛ Հա­յաս­տա­նեայց առա­քելա­կան Սուրբ եկե­ղեց­ւոյ, թէ՛ ալ մար­դկային հիմ­նա­կան ազա­տու­թիւններն ու իրա­ւունքնե­րը։

Մի­ջազ­գա­յին պատ­կան կա­ռոյցնե­րու եւ իրա­ւապաշտպան կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ար­դա­րամիտ ար­ձա­գան­գին կը սպա­սեն նաեւ աշ­խարհաս­փիւռ Հա­յոց եկե­ղեց­ւոյ ինքնա­կառա­վար­ման մի­ջամ­տե­լու իշ­խող քա­ղաքա­կան ու­ժի հա­կաիրա­ւական գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը եւ յատ­կա­պէս՝ “Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր” կու­սակցու­թեան նա­խընտրա­կան ծրա­գրին մէջ Եկե­ղեց­ւոյ ազ­գընտիր Հայ­րա­պետին գա­հըն­կէցու­թեան ճա­նապար­հով Եկե­ղեց­ւոյ “բա­րենո­րոգ­ման” մա­սին ար­ձա­նագ­րուած յա­ւակ­նութիւննե­րը. քայլ մը, որ նոյնպէս հա­կակա­նոնա­կան է եւ հա­կա­օրի­նական։

Գե­րագոյն հո­գեւոր խոր­հուրդը հարկ կը նկա­տէ վերստին ար­ձա­նագ­րել, որ Եկե­ղեցիէն եւ եկե­ղեցա­կան իրա­ւասու մար­միննե­րէն դուրս որե­ւէ կա­ռոյց՝ նոյնիսկ պե­տական ու քա­ղաքա­կան իշ­խա­նու­թեամբ օժ­տուած, չի կրնար իրա­կանաց­նել եկե­ղեցա­կան կեան­քի “բա­րենո­րոգում”։

Ընտրու­թիւննե­րով ժո­ղովուրդին շնոր­հած վստա­հու­թեան քուէն բա­ցառա­պէս կրնայ օգ­տա­գոր­ծուիլ պե­տական ինքնիշ­խա­նու­թիւնը ամ­րապնդե­լու, երկրին սահ­մաննե­րուն ան­ձեռնմխե­լիու­թիւնը ապա­հովե­լու, ազ­գա­յին ինքնու­թիւնը զօ­րաց­նե­լու եւ հան­րա­յին հա­մերաշ­խութիւ­նը վե­րականգնե­լու հա­մար։

Հա­յոց պե­տու­թիւնը իր ազ­գա­կերտ առա­քելու­թեամբ բո­լոր ժա­մանակ­նե­րուն եղած է ամուր պա­տուա­րը մեր ինքնու­թեան, խա­րիս­խը մեր յա­րատե­ւու­թեան։ Հա­յոց ան­կախ պե­տակա­նու­թիւնը պէտք է խո­հեմու­թեամբ, նուիրու­մով ու նա­խան­ձախնդրու­թեամբ փայ­փա­յել եւ ար­կա­ծախնդրու­թիւննե­րով եր­բեք վտան­գի չեն­թարկել։

Թող Երկնա­ւոր Տէ­րը մշտամ­նայ Իր օրհնու­թեան ներ­քեւ խա­ղաղու­թեան ու անվտան­գութեան մէջ պա­հէ եր­կի­րը հա­յոց եւ Իր լոյս պա­տուի­րան­նե­րով հա­մայն հայ ժո­ղովուրդը առաջ­նորդէ մի­միայն Աս­տուածա­հաճոյ, հայ­րե­նաշէն եւ ազ­գօ­գուտ շա­ւիղ­նե­րով»։