Յունիս 7−ի ընտրութիւններուն ընդառաջ
Մայիս 8-ին մեկնարկեց Յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Յունիս 5։ Ընտրութիւններուն կը մասնակցի 19 քաղաքական ուժ՝ 2 դաշինք եւ 17 կուսակցութիւն։
Այս ընտրութիւնները ճակատագրական են Հայաստանի համար, ճիշդ այնպէս, ինչպէս 2021 Յունիսի ընտրութիւնները ճակատագրական էին 44-օրեայ պատերազմի նուաստացուցիչ պարտութենէն ետք քաղաքական տագնապալի իրավիճակը ժամանակաւորապէս կայունացնելու տեսանկիւնէն։ Նոյնքան կարեւոր են ներկայի՝ 2026-ի ընտրութիւնները, որոնք կը յատկանշեն ժամանակաշրջանի մը աւարտը։ Անոնք կու գան Հայաստանի համար ճակատագրական բազմաթիւ իրադարձութիւններէ ետք. 2023-ի Արցախի հայաթափումն ու ղեկավարութեան գերեվարումը, Ազերպայճանի պարտադրած սահմանազատման մեկնարկը, ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի անդամակցութեան սառեցումը, Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը, ԹՐԻՓՓ ճանապարհի վերահսկողութեան ԱՄՆ-ին յանձնումն ու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աւագանիին հետ առճակատումը։
Ընտրութիւններուն մրցակից կուսակցութիւնները մեծ թափով ներգրաւուած են նախընտրական արշաւին մէջ, որ ի յայտ կը բերէ հասարակութեան ծայր աստիճան բեւեռացած պատկեր մը։ Գլխաւոր հարցը կը մնայ Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան դաշնագիրին ստորագրութիւնը, որ երկար ձգձգումներէ եւ զիջումներէ ետք կրնայ իրականանալ, եթէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնն ու անոր յարող ուժերը յաղթական դուրս գան այս ընտրութիւններէն։ Ատիկա միաժամանակ պիտի ամրագրէ Հայաստանի կառավարութեան ձերբազատման գործընթացը Ռուսաստանի լուծէն՝ որպէս երկրին անվտանգութեան միակ երաշխաւորին. «երաշխաւորութիւն» մը, որ 2020-ի պատերազմին եւ անկէ ետք շատ սուղ նստեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ։
Ընդդիմադիր գլխաւոր երեք ուժերը՝ «Հայաստան» դաշինքը, «Ուժեղ Հայաստան»-ն ու «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը, բոլորն ալ ռուսամէտ են եւ սկզբունքով դէմ են ներկայ նախադրեալներով Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման։ Այս առումով, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ընտրական կարգախօսը պերճախօս է՝ «Տէ՛ր կանգնիր խաղաղութեան»։ Նոյնքան պերճախօս է Փաշինեանի տուած «պատերազմի եռագլուխ կուսակցութիւններ» բնորոշումը, որ կը վերաբերի իր հակառակորդ երեք ուժերու քաղաքական դիրքորոշման։ Իրօք, ընտրութիւններուն ՔՊ-ի պարտութիւնը կրնայ Հայաստանը վերադարձնել Ազերպայճանի հետ սահմանային բախումներու իրավիճակին, վերականգնել Ռուսաստանի ազդեցութիւնը եւ եթէ Ազերպայճանը համաձայնի, յանգեցնել ԹՐԻՓՓ ճանապարհի վերահսկողութեան Ռուսաստանի յանձնումին։
Ներկայ դրութեամբ առաջատար գլխաւոր ուժը կը մնայ իշխանութեան գլուխը գտնուող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը։ Համաձայն EVN Report-ի վերջերս հրապարակած հարցախոյզին՝ ան կը ստանայ քուէներու 32,5 տոկոսը։ Երկրորդ դիրքի վրայ է մեծահարուստ (օլիկարխ) Սամուէլ Կարապետեանի նորաստեղծ կուսակցութիւնը՝ «Ուժեղ Հայաստան»-ը (10,1 տոկոս)։ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի առաջնորդած «Հայաստան» դաշինքը կը ստանայ 4,4 տոկոս, իսկ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը՝ 3,4 տոկոս։ Ինչպէս կը տեսնենք, անորոշներու կամ արտայայտուիլ չուզողներուն համեմատութիւնը մեծ է՝ հասնելով գրեթէ 40 տոկոսի։
Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրէն անդին, կան նաեւ տնտեսական ու ընկերային ազդակներ, որոնք իրենց դերը պիտի խաղան քուէարկողներու ընտրութեան մէջ։ Անոնցմէ են երկրին տնտեսական աճը (7,1 տոկոս), որ Հայաստանը կը դասէ Եւրոպայի երեք առաջատար պետութիւններու շարքին, ինչպէս նաեւ աճը Հայաստանի բնակչութեան, որ հասած է 3,1 միլիոնի։ Ասոնց կը գումարուի զբօսաշրջիկներու թիւին յաւելումը, որ Հայաստանի հանդէպ դրական ընկալումի արտայայտութիւն է։ Նաեւ պէտք է յիշատակել ազերպայճանական երկաթուղիին գործածութիւնը՝ քարիւղ, հացահատիկ եւ պարարտացուցիչ փոխադրելու համար, որ 30 տարուան շրջափակումէն ետք ազատ առեւտուրի պայմաններ կը ստեղծէ։ Վերջապէս, հայկական դրամին արժեւորումը տոլարին դիմաց կու գայ փաստելու երկրին տնտեսութեան դրական հոլովոյթը։
Ժ.Չ. ■
