Կռփամարտի կենդանի առասպել Մայք Թայզընի Հայաստան այցելութիւնը
Ծանր քաշային կարգի նախկին բացարձակ ախոյեան Մայք Թայզըն այս օրերուն կը գտնուէր Երեւան:
Կռփամարտի աշխարհահռչակ առասպելը, որ կը նկատուի պատմութեան ամենաերիտասարդ ծանր քաշային ախոյեանը, արդէն այցելած է մայրաքաղաքի ծանօթ «Smoking Chef» ճաշարանը եւ լուսանկարուած է քաղաքաբնակներուն հետ զանազան վայրերու մէջ: Թայզընի՝ հայ երկրպագուներուն հետ հանդիպումները ներկայացնող լուսանկարներն ու տեսանիւթերը լայնօրէն կը շրջին ընկերային ցանցերու վրայ:
Այս առիթով, աշխարհի բազմակի ախոյեան, հայազգի անուանի կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ նոյնպէս նոր լուսանկարներ հրապարակած է «Երկաթէ Մայք»-ին հետ՝ անոնց կցելով հետեւեալ գրառումը. «Մայք Թայզըն մեր պարտէզին մէջ՝ Նոր Չարբախ»: Երկու աշխարհահռչակ ախոյեաններու այս հանդիպումը մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցած է մարզասէրներու մօտ:
