Գրեց՝ Մէթր Ալեքսանդր Արմէն Գույումճեան
Վերստին դառնալ շինարար ժողովուրդ. ահաւասիկ այն հսկայական մարտահրաւէրը, որ կը սպասէ հայերուն։ Բայց զայն դիմագրաւել ուզելը, արդէն իսկ կը նշանակէ բաժնել այն հաստատումը, թէ մենք այլեւս այն ժողովուրդը չենք՝ որ էինք, մեր նախնիներուն վերագրուող այդ որակը կորսուած ըլլալով մեր պատմութեան տուեալ մէկ պահուն։
Շինարար հայերը չէին կասկածեր ո՛չ իրենց ընտրած ուղղութենէն եւ ո՛չ ալ ճակատագրէն եւ զիրենք համակող յաւակնութիւնը իրենց գոյութեան պայմանն էր, պատասխանատըւութեան զգացումը՝ իրենց յաջողութեան բանալին։ Անոնք կառուցեցին քաղաքներ եւ թագաւորութիւններ, Տիգրանի կայսրութիւնը, բերդեր ու միջնաբերդեր, եկեղեցիներ ու տաճարներ, այս բոլորը վկայութիւններն են անցեալի մեծութեան մը՝ որ խարիսխ նետած է հին եւ միջնադարեան պատմութեան մէջ եւ աւանդուած՝ մարդկութեան։ Նաեւ ստեղծագործական իւրայատկութիւն մը՝ յատուկ լեզուով մը եւ այբուբենով մը, հեթանոսական ապա քրիստոնէական հաւատք մը, որ երբ մարմնաւորուած է եւ լիարժէք ապրուած, ներշնչած է լաւագոյնը։
Ո՞ր պահուն դադրեցանք շինարար ըլլալէ։ Այդ հարցին պատասխանելը կ՚իյնայ պատմաբաններուն, բայց ընդունինք, որ Օսմանեան, Պարսկական եւ Ռուսական կայսրութիւններուն տակ վեց դարէ աւելի ենթակայութիւնն է աղբիւրը մեր ազգային համախմբուածութեան քայքայումին։ Եթէ կ՚ուզենք վերատիրանալ այդ որակին,– որ մեր ինքնութեան բնորոշիչը պէտք է ըլլայ,– պէտք է փարինք հաւաքական յաւակնութեան մը. ամենագեղեցիկ եւ ամենահրատապ յաւակնութիւնը պիտի ըլլար դառնալ ինքնիշխան հայկական Պետութեան մը շինարարները, որպէսզի այլեւս չենթարկուինք Պատմութենէն դուրս մղուելու վտանգին։
Դժբախտաբար, այս յաւակնութիւնը չեն բաժներ անոնք, որոնց համար ինքնիշխանութենէ հրաժարիլը ոչ միայն անխուսափելի է, այլեւ ցանկալի՝ այն պահէն երբ ան կը գոհացնէ սեփական շահեր։ Անոնց համար, Հայաստանը դատապարտուած է մնալու սոսկ նահանգը Կայսրութեան մը, եւ հայերը չունին այլ ճակատագիր՝ քան ծառայել անոր։ Անոնց հասարակաց յայտարարը հաւատարմութիւնն է Ռուսաստանի, ցուցադրուած առանց բարդոյթի՝ Ռոբերտ Քոչարեանէն մինչեւ Սերժ Սարգսեանի, ՀՅԴ-էն մինչեւ Սամուէլ Կարապետեանի կողմէ, առանց մոռնալու Կաթողիկոսը (չշփոթել Հայ եկեղեցւոյ հետ)։ Ըստ այս մօտեցումին՝ Հայաստան չի կրնար ունենալ այլ կոչում՝ քան միանալ Ռուսաստանի եւ Պելառուսի Միութեան,– ծպտուած՝ թուրք-ազերպայճանական վտանգին դէմ պաշտպանիչ վահանի տեսքով,– ինչ որ կը նշանակէ անոր (Հայաստանի) ինքնութիւնը իջեցնել ազգագրական մակարդակի։
Պատմութեան դասերը քիչ կը հետաքրքրեն զիրենք, քանի որ անոնք կը վերանային եւ վերստին կը գրեն զայն, անտեսելով բազմաթիւ լքումները, դաւաճանութիւններն ու թշնամիին հետ գաղտնի դաշինքները, որոնց գինը վճարեցին հայերը՝ արժանանալով մանրադրամի վերաբերումի եւ զոհաբերուելով ռուս-թուրք-ազերպայճանական շահերու զոհասեղանին վրայ։
Հայաստանի գաղութացումը այլընտրանք չունենալով իրենց աչքին, անոր ժողովուրդին կը պարտադրուի ընդունիլ գինը՝ ժողովրդագրական նոր արիւնահոսութիւն մը եւ վերածնող տնտեսութեան բռնագրաւումը՝ յանձնուելու համար «բարեկամ տէրութեան» հսկողութեան։ Բանակի արդիականացումը պիտի յետաձգուի, քանի որ Կայսրութիւնը պիտի ապահովէ իր հպատակներուն պաշտպանութիւնը՝ անոնց հնազանդութեան դիմաց։ Ինչ կը վերաբերի պետութիւնը քայքայող եւ անոր ինքնիշխանութիւնը կործանող համակարգային փտածութեան, ան պիտի ծաղկի ա՛լ աւելի, քանի որ այդ իրավիճակը ցանկացողներն իսկ են ատոր մեծ շահառուները։
Ուրեմն, ինչպէ՞ս Հայաստանի այս գերեզմանափորները կը յուսան մեզի ծախել վաղորդայն չունեցող այս ապագան եւ մեզի կլլել տալ երջանիկ վասալականութեան դեղահատը, քօղարկելու համար իրենց քաղաքական ծրագրին մահաբեր սնանկութիւնը. ամենաբուռն զրպարտութիւններով եւ համակարգուած չարախօսութեամբ թիրախ առնելով հայկական իշխանութիւնները, զանոնք ամբաստանելով ամէն տեսակի «դաւաճանութեան» մեղադրանքով։
Եւ ընդունինք, որ անոնք ունին իրական փորձառութիւն մը այս ոլորտին մէջ։ Լեւոն Տէր Պետրոսեան մեղադրուած էր դաւաճանութեամբ, որովհետեւ պատերազմին յաղթանակ տանելէ ետք առաջարկած էր Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր մը, որ Ղարաբաղին կը վերապահէր իրաւական եւ քաղաքական շրջանակ մը՝ գոյութեան եւ ապագայի շատ աւելի նախանձելի պայմաններով, քան ինչ որ ունեցաւ ի վերջոյ։ Հրանդ Տինք արժանացած էր նոյն անպատւութեան, մեղադրուելով թրքական պետութեան գործակալ ըլլալու յանցանքով, որովհետեւ դէմ արտայայտուած էր Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի քուէարկութեան, մինչ ինք Թուրքիոյ մէջ բանտարկութեան վտանգին ենթակայ էր քրէական օրէնսգիրքի 301 յօդուածին հիմքով՝ 1915-ի հայոց բնաջնջումը յիշատակած ըլլալուն համար։
Այժմ կարգը Նիկոլ Փաշինեանինն է ամբաստանուելու Արցախը լքած ըլլալու յանցանքով նոյն այն ձայներուն կողմէ, որոնք կարծես մոռցած են, թէ Հայաստանը կռուեցաւ 2020-ին զայն պաշտպանելու համար, զոհաբերեց իր զաւակներէն քանի մը հազարին կեանքը ի վերջոյ պարտութեամբ աւարտած այս պատերազմին մէջ։ Ի յայտ եկաւ առնուազն արհեստագիտական առումով դասազրկումը հայկական բանակին, որ անկարող էր պաշտպանելու Արցախը, բայց նաեւ ծայրայեղօրէն տկարացած էր եւ որուն՝ սեփական սահմանները պաշտպանելու կարողութիւնն իսկ խստօրէն հարցական էր։
Ուաշինկթընի 2025 Օգոստոս 8-ի համաձայնագրերու ստորագրութիւնը առիթ մը եղաւ որոշ մեկնաբաններու եւ ընդհանրապէս փորձագէտներու, որ լծուին,– ներառեալ՝ այս սիւնակներուն մէջ (խօսքը «Արմենիուզ»-ի մասին է – «ՆՅ»),– հակառակորդին (իմա՝ Փաշինեանի – «ՆՅ») «նացիականացման»։ Փոխանակելով խստապահանջութիւնն ու փաստացի իրականութիւնները անաւարտ դատողութիւններու եւ պերճախօս բանաձեւումներու հետ, Ուաշինկթընի համաձայնագրերը՝ հազիւ յայտարարուած եւ դեռ չհրապարակուած, անմիջապէս վերանուանուեցան «Միւնիխի նոր համաձայնագրեր», եւ Նիկոլ Փաշինեան, նոյնացուելով Մառեշալ Փեթէնի անձին հետ, ենթարկուեցաւ անբեկանելի դատավճիռի՝ «իրապաշտութեան ճամբով դաւաճանութեան» համար, ծածկանունով ստորագրած քաջարի հեղինակի մը գրիչին տակ։
Առանց թերագնահատելու միջազգային եւ տարածաշրջանային իրավիճակի անկայունութիւնը, կրնա՞նք իսկապէս անտեսել պատերազմի շիջման իրականութիւնը այս համաձայնագրերու ստորագրութենէն ի վեր, եւ գոնէ մասամբ՝ թոնի փոփոխութիւնը, որ կը զգացնէ, թէ խաղաղութեան գործընթաց մը ընթացքի մէջ է, նոյնիսկ եթէ տակաւին շատ ընելիք կայ, սկսելով փոխադարձ վստահութեան վերականգնումէն։
Փոխանակ համակարգուած կերպով ներկայացնելու հայկական իրաւասութեան տակ գտնուող «Թրամփի ճամբան» իբրեւ արտատարածքային միջանցք մը,– որ չէ,– եւ խորհրդանիշը յաղթական համաթրքականութեան՝ այն պատճառաբանութեամբ թէ ան Նախիջեւանը պիտի կապէ Ազերպայճանի մնացեալ մասին, այդքա՞ն դժուար է այս քննադատող միտքերուն համար նշել, որ յաջողութեան պարագային,
Ուաշինկթընի համաձայնագրերը Հայաստանը պիտի մղեն յառաջ՝ փոխելով անոր աշխարհաքաղաքական կարգավիճակը, զայն տարածաշրջանային փակուղիէն դուրս բերելով եւ դարձնելով միջազգային տարանցիկ երկիր, ինչ որ պիտի ամրապնդէ անոր ներկայացուցած աշխարհաքաղաքական շահագրգռութիւնը եւ հետեւաբար՝ անոր անվտանգութիւնը։
Այդքա՞ն նեղացուցիչ է ընդունիլ, որ Հայաստանը այսպէսով տեղ եւ դեր պիտի նուաճէ միջազգային առեւտուրին մէջ, այսպէս կոչուած «միջին միջանցքի» սրտին վրայ, պիտի դառնայ այլընտրանքային ճամբայ՝ որ կը կապէ Չինաստանը, Կեդրոնական Ասիան եւ Եւրոպան՝ անցնելով հարաւ-կովկասեան երկիրներէն, եւ ուրկէ Երեւանը մինչեւ հիմա դուրս մղուած էր Պաքու-Թիֆլիս-Պաթում միակ առանցքին պատճառով։ Եւ յիշեցնել, որ այս ճամբան պիտի ամբողջացնէ Հնդկաստանէն եւ Իրանէն եկող ուղին, որ արդէն կ՚անցնի Հայաստանէն եւ զայն պիտի դարձնէ խաչմերուկ-պետութիւն։
Իսկ ի՞նչ կ՚առաջարկեն ատոր փոխարէն. ոչի՛նչ։ Ապագայի ի՞նչ ծրագիր կը թելադրեն Հայաստանի համար. ո՛չ մէկ, եթէ ոչ՝ 2020 Նոյեմբեր 9-ի զինադադարի միակ վերապրող դրոյթին կիրարկումը, որ ատենօք կը ներկայացուէր իբրեւ ՀՀ վարչապետին անձնատւութեան արարք, բայց որ այժմ կը վայելէ իրենց հաւանութիւնը, պարզապէս որովհետեւ ան Ռուսաստանին պիտի ընծայէր իրաւարարի դերը Սիւնիքի մէջ՝ վերահսկելով արեւելք-արեւմուտք եւ հիւսիս-հարաւ փոխանակումները, ծանր, եթէ ոչ վերջնական հարուած հասցնելով Հայաստանի ինքնիշխանութեան։
Եւ վերջապէս, չենք կրնար եզրափակել շինարար ժողովուրդին եւ ապագայի հանդէպ հաւատքին մասին այս խորհրդածութիւնը առանց յիշատակելու, նոյնիսկ համառօտակի, Կաթողիկոսին անձը։ Իրապէս այնքա՜ն բան կայ գրելիք եւ այնքա՜ն մութ գլուխներ արծարծելիք, որ հոս մեր համեստ կարծիքը բաւարար պիտի չըլլար։
Ոչինչ աւելի լաւ է նման պարագաներու, քան վերադառնալ ակունքին եւ Յիսուսի խօսքին՝ ուղղուած իր առաքեալներէն լաւագոյնին Մատթէոսի աւետարանին մէջ. «Դուն վէմ ես եւ այդ վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ Եկեղեցին» (16,18)։ Ի՞նչ կարելի է լրջօրէն յուսալ կառուցել Գարեգին Բ.-ի հետ, այն պահուն երբ անոր հաշուեկշիռը պէտք է կատարուի։ Հայրապետութիւնը եւ Եկեղեցւոյ կանոնները ոտնահարող անոր անվայել արարքները դժբախտաբար թեթեւագոյն հանգամանքներն են զինք մեղադրելու համար։ Առանց թուարկելու անոր զանցումները, որոնք սնուցած են անոր ժողովրդականութեան անկումը, սարսափի եւ իր անձին հպատակութեան վրայ հիմնուած վարչակարգը, զոր ան հաստատած է Մայր Աթոռէն ներս, խորապէս սասանելով հաստատութիւնը, որ կը գործէ քրիստոնէական ամէն բարոյականի հակոտնեայ։ Եւ եթէ անոր հաւատքն ու հոգեւորականութիւնը օրինաչափօրէն հարցականի տակ կը դրուին, Ռուսաստանի հանդէպ անոր հաւատարմութիւնը սակայն կասկած չի վերցներ, ճիշդ այնպէս ինչպէս անոր աջակիցներունը, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ…
Այն իրողութիւնը, թէ Հայ եկեղեցւոյ պետը Ռուսաստանի մեղսակցութեան պատճառով պարտութեամբ աւարտած Ղարաբաղի պատերազմէն ետք, 2022-ին ընդունած է Պատուոյ շքանշանով պարգեւատրուիլ Վլատիմիր Փութինի կողմէ, ցաւօք կը հաստատէ, թէ ան աւելի կը վախնայ իր տիրոջ զայրոյթէն, քան Աստուծոյ դատաստանէն։ Մեր շինարար նախնիները պիտի ընէին ճիշդ հակառակը։
Ա. Ա. Գ.
Թարգմանուած՝ ֆրանսերէնէ, «Արմենիուզ»-ի կայքէջէն
