Ուշաքով. «Փաշինեանի այցելութեան շուրջ յստակութիւն չկայ»

Ուշաքով

Փութինի աւագ օգնականին յաջորդական սպառնալիքը

“Հայաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանի՝ Մոս­կուա այ­ցե­լու­թեան շուրջ տա­կաւին որե­ւէ յստա­կու­թիւն չկայ”,– ԹԱՍՍ գոր­ծա­կալու­թեան հետ զրոյ­ցի մը ըն­թացքին Յու­նիս 23-ին նշած է Ռու­սաստա­նի նա­խագա­հի աւագ օգ­նա­կան Եու­րի Ու­շա­քով։

Փա­շինեան նա­խապէս յայ­տա­րարած էր, թէ պայ­մա­նաւո­րուա­ծու­թիւն ձեռք բե­րած է Ռու­սաստա­նի նա­խագա­հին հետ, որուն հա­մաձայն՝ Յու­նիս 7-ի ընտրու­թիւննե­րէն ետք ինք պի­տի մեկ­նի Մոս­կուա՝ Վլա­տիմիր Փու­թի­նի հետ քննար­կե­լու հա­մար հայ-ռու­սա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ներ­կայ վի­ճակը։

Լրագ­րողնե­րուն հետ զրոյ­ցին ըն­թացքին, Ու­շա­քով նաեւ ընդգծած է, որ Հա­յաս­տա­նի շուրջ ար­ձա­նագ­րուող զար­գա­ցումնե­րուն նպա­տակը «Ռու­սաստա­նի մաս­նակցու­թեամբ գոր­ծող միաւո­րումնե­րը հա­րուա­ծելն է»։

“Պատ­րանքներ կը ստեղ­ծուին, որոնց հա­մաձայն կա­րելի է փո­խել կողք-կող­քի ապ­րող եւ մշտա­պէս իրա­րու օգ­նած ժո­ղովուրդնե­րու պատ­մութիւնն ու աշ­խարհագ­րութիւ­նը։ Նա­յելով Ուքրաինա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող իրա­դար­ձութիւննե­րուն՝ կա­րելի է են­թադրել, թէ սա ի՛նչ ող­բերգու­թեան կրնայ յան­գեցնել”,– եզ­րա­փակած է Ու­շաքով։ ■