Ռուսաստան կը սպասէ Երեւանի որոշումին՝ ՀԱՊԿ-ի մէջ մնալու հարցով
Վիքթոր Վասիլեւ
ՀԱՊԿ-ի մէջ Ռուսաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Վիքթոր Վասիլեւ յայտարարած է, որ Հայաստան պէտք է որոշէ՝ պիտի մնա՞յ Կազմակերպութեան մէջ, թէ՞ պիտի ընտրէ այլ տարբերակ, եւ այդ մասին պէտք է տեղեակ պահէ ռուսական կողմը։ Նախապէս, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ալ նշած էր, որ կառոյցին անդամները կը պատրաստուին քայլերու ձեռնարկելու Հայաստանի դէմ՝ անդամավճարը երկու տարիէ ի վեր չվճարելուն համար (Հայաստան կրնայ զրկուիլ քուէարկելու եւ պաշտօններ առաջադրելու իրաւունքէն)։
2022-ի ազերպայճանական յարձակումէն ետք Երեւան սառեցուցած է իր անդամակցութիւնը այս դաշինքին՝ նշելով, որ կառոյցը քաղաքական գնահատական չէ տուած հայկական տարածքներու բռնագրաւման։ Վարչապետ Փաշինեան վերջերս յայտարարեց, որ չեն պատրաստուիր փոխելու իրենց դիրքորոշումը, իսկ ՀԱՊԿ-էն հեռացուելու պարագային՝ պարզապէս «ի գիտութիւն պիտի ընդունին» այդ որոշումը։
