Փաշինեան. «ԵԱՏՄ-ն պէտք է հարցին յստակ պատասխանէ՝ ինք կա՞յ, թէ՞ չկայ»
Անդրադառնալով Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ)՝ Փաշինեան Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննադատած է տարւոյս Մայիս 28-29-ին Ասթանայի մէջ գումարուած վեհաժողովին իր բացակայութեան ընդունուած յայտարարութիւնը, ուր անդամ երկիրներու ղեկավարները Հայաստանէն պահանջած էին մինչեւ Դեկտեմբեր կողմնորոշուիլ՝ ԵՄ-ի՞ն միանալ, թէ՞ մնալ ԵԱՏՄ-ի մէջ։
“Մենք պէտք է հասկնանք՝ ԵԱՏՄ-ի որեւէ երկիր կրնա՞յ ուղղակի օր մը արթննալ ու նման որոշում կայացնել։ Եթէ այս հարցին պատասխանը «Այո՛» է, ուրեմն ԵԱՏՄ-ն կը յայտարարէ իր ինքնալուծարման մասին”,– նշած է Փաշինեան։
Ան յիշեցուած է, որ ԵԱՏՄ-ի հիմքը աշխատուժի, ապրանքներու, ծառայութիւններու եւ ֆինանսներու ազատ տեղաշարժն է, եւ եթէ ատիկա չկայ, ուրեմն կառոյցն ալ գոյութիւն չունի։ “ԵԱՏՄ-ն պէտք է շատ յստակ պատասխանէ՝ ինք կա՞յ, թէ՞ չկայ։ Եթէ կայ՝ մենք կը դիրքաւորուինք, եթէ չկայ՝ ուրեմն դիրքաւորուելու կարիք ալ չկայ”,– եզրափակած է վարչապետը՝ տեղեկացնելով, որ յառաջիկային պիտի մասնակցի կառոյցին միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին՝ այս հարցերը քննարկելու համար։
