Վարչապետ Փաշինեան պիտի մասնակցի Ալի Խամենէիի յուղարկաւորութեան

Խամենէի

Թեհրանի մէջ գործող ISNA լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի Փետրուար 28-ին ԱՄՆ-ու եւ Իսրայէլի օդային հարուածներուն զոհ գացած Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէիի յուղարկաւորութեան։

Փաշինեանի մասնակցութեան մասին գործակալութեան տեղեկացուցած է Իրանի խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Արա Շահվերտեան։

Ըստ Շահվերտեանի՝  Հայաստանի վարչապետի այցելութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Իրանի փոխնախագահ Սէյէտ Համիտ Փուրմոհամատիի՝ անցեալ շաբաթավերջին Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին։

“Փուրմոհամատիի եւ Փաշինեանի հանդիպման ընթացքին Հայաստանի ղեկավարը պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցելու Յեղափոխութեան՝ սպանուած առաջնորդի յուղարկաւորութեան”,– նշած է Շահվերտեան։

Խամենէին պիտի յուղարկաւորուի Յուլիս 9-ին

Ալի Խամենէիի հոգեհանգստեան եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնները պիտի սկսին Յուլիս 4-ին եւ պիտի շարունակուին մինչեւ Յուլիս 9։ Իրանական կողմին համաձայն՝ անոնց պիտի մասնակցին շարք մը դրացի պետութիւններու ղեկավարներ։

Յուղարկաւորութեան շարքային մասնակիցներու թիւը, ըստ պաշտօնական IRNA գործակալութեան՝ կրնայ հասնիլ 35 միլիոնի։