Ազերպայճան Իսրայէլէն կը պահանջէ յետս կոչել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը

Ազերպայճանի ԱԳՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 29-ին Ազերպայճան դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Իսրայէլի որոշումը՝ քայլը որակելով «լուրջ մտահոգութեան» առարկայ եւ պահանջելով Իսրայէլի կառավարութենէն վերանայիլ զայն, հակառակ անոր որ Պաքու կը մնայ իսրայէլեան զէնքերու մեծագոյն գնորդներէն մէկը, զորս ան օգտագործեց երկու տարի առաջ հայկական Արցախը գրաւելու համար:

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր յայտարարութեան մէջ որոշումը վերագրած է «այսպէս կոչուած “Հայոց ցեղասպանութեան”» եւ անընդունելի նկատած՝ «1915-ի իրադարձութիւններուն շուրջ պատմական փաստերու խեղաթիւրումը»՝ Իսրայէլը մեղադրելով «բարդ պատմական հարցը առանց հիմնաւոր իրաւական կամ գիտական հիմքի՝ քաղաքական որոշումի» վերածելու յանցանքով: Նախարարութիւնը նշած է, որ նման արարքները «չեն նպաստեր հաշտութեան կամ փոխըմբռնման», այլ ընդհակառակն՝ «կը խորացնեն գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները եւ կը խաթարեն տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը»: Պաքու կոչ ըրած է Իսրայէլին հրաժարելու այս որոշումէն:

Այս առարկութիւնը յառաջացած է հակառակ երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող խոր կապերուն: Անցեալ տարի ազերպայճանական հում քարիւղը կազմած է Իսրայէլի քարիւղի ներածման գրեթէ կէսը՝ հանդիսանալով անոր մեծագոյն աղբիւրը, մինչ Իսրայէլ ալ Ազերպայճանը զինած է արդիական ռազմական արհեստագիտութեամբ, որ վճռորոշ դեր ունեցած է հայերու դէմ մղուած պատերազմներուն ընթացքին: Քարիւղը Իսրայէլ կը հասնի Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան խողովակաշարով՝ Թուրքիոյ վրայով, եւ թէեւ նաւերու հետեւող վերլուծաբանները բեռնափոխադրումները կը վերագրեն Ազերպայճանին, Պաքու հրապարակայնօրէն կը պնդէ, որ ուղղակ չի ծախեր Իսրայէլին եւ վաճառականներն են, որ կ՚որոշեն վերջնական ուղղութիւնը:

Ռազմական ճակատի վրայ, զէնքերու ուսումնասիրութեան բազմաթիւ գնահատականներու համաձայն՝ 2020-ի պատերազմի եւ 2023-ի սեպտեմբերեան յարձակումի ժամանակաշրջանին իսրայէլեան զէնքերը կազմած են Ազերպայճանի հիմնական զէնքի ներածման շուրջ 70 տոկոսը, եւ Իսրայէլի մէջ արտադրուած «Հարոփ» (Harop) տեսակի «քամիքազ» զինամթերքն ու անօդաչու սարքերը լայնօրէն կը նկատուին ռազմադաշտի վրայ Պաքուին առաւելութիւն ապահոված հիմնական գործօնները: 2023-ի սեպտեմբերեան յարձակումը յանգեցաւ բռնագրաւուած Արցախի ցեղային զտման՝ ստիպելով աւելի քան 100.000 հայեր քանի մը օրուան ընթացքին լքելու իրենց դարաւոր հայրենիքը: