Ծոցին մէջ ԱՄՆ−ի ռազմական ներկայութիւնը՝ վտանգի տակ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Ֆութպո­լի 23-րդ հա­մաշ­խարհա­յին բաժակի խա­ղերը չկրցան դադ­րեցնել ԱՄՆ-Իրան պա­տերազ­մը, որուն ծի­րէն ներս ԱՄՆ-ի եւ Իրա­նի մի­ջեւ ստո­րագ­րուած յու­շա­գիրը չյար­գուեցաւ նախ եւ առաջ իս­րա­յէլա­ցինե­րուն կող­մէ՝ Լի­բանա­նի վրայ յար­ձա­կումնե­րու շա­րու­նա­կու­թեամբ։ Թէեւ Իս­րա­յէլ Իրա­նի դէմ պա­տերազ­մի գլխա­ւոր դե­րակա­տար­նե­րէն է, սա­կայն յու­շա­գրի ստո­րագ­րութեան մաս­նա­կից չըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով ան պար­տա­ւորուած չէր են­թարկուելու անոր տրա­մադ­րութիւննե­րուն՝ հա­կա­ռակ ԱՄՆ-ի թե­լադ­րանքին։

Միւս կող­մէ, Պար­սից ծո­ցի եր­կիր­նե­րը ընդհան­րա­պէս դէմ են պա­տե­րազ­մին, բայց ան­կա­րող՝ ընդդի­մանա­լու ԱՄՆ-Իս­րա­յէլ զոյ­գի որո­շումնե­րուն։ Թէեւ Իրան թշնա­մի չէ Ծո­ցի եր­կիրնե­րուն, սա­կայն նա­խապէս զգու­շա­ցու­ցած էր զա­նոնք, որ պի­տի հա­կազ­դէ ու հա­րուա­ծէ իրենց հո­ղերուն վրայ տե­ղակա­յուած ԱՄՆ-ի ռազմական խա­րիսխնե­րը, եթէ այդ եր­կիրնե­րէն յար­ձա­կումներ գործուին Իրա­նի դէմ։ Եւ այդպէս ալ եղաւ։ Վեր­ջին շրջա­նին Իրան իր յար­ձա­կումնե­րը Իս­րա­յէլէն աւե­լի կեդ­րո­նացուց Ծո­ցի եր­կիրնե­րուն մէջ գտնուող ԱՄՆ-ի ռազ­մա­կայան­նե­րուն վրայ, ուրկէ սկիզբ կ՚առնէին այդ յար­ձա­կումնե­րը։

Այս պա­տերազ­մին մէջ Իրա­նի մե­ծագոյն յաղ­թա­թուղթը Հոր­մուզի նե­ղու­ցի վե­րահսկումն է։ Եթէ սկզբնա­կան շրջա­նին ԱՄՆ-ի եւ Իս­րա­յէլի կող­մէ Իրա­նի վրայ յար­ձա­կումնե­րուն գլխա­ւոր նպա­տակը Իրա­նի իս­լա­մական իշ­խա­նու­թեան տա­պալումն էր, հիւ­լէական հարստաց­ման գոր­ծա­տունե­րու քայ­քա­յումն ու հե­ռահար հրթիռ­նե­րու ար­տադրու­թեան կա­սեցու­մը, ապա քա­ռամ­սեայ պա­տերազ­մէն ետք, ԱՄՆ ստի­պուե­ցաւ վե­րատե­սու­թեան են­թարկելու իր նախ­նա­կան պա­հանջնե­րը։ Անի­կա ներ­կա­յիս կը կեդ­րո­նանայ Հոր­մուզի նե­ղու­ցի ազատ առեւ­տուրի գօ­տին վե­րահաս­տա­տելու վրայ, բան մը, որուն կտրա­կանա­պէս կ՚ընդդի­մանայ Իրան՝ Հոր­մուզի նե­ղու­ցը նկա­տելով հիւ­լէական զէն­քէն աւե­լի հզօր լծակ մը՝ միան­գա­մընդմիշտ ձեր­բա­զատելու հա­մար ԱՄՆ-Իս­րա­յէլ առանցքի պար­տադրած պար­բե­րական յար­ձա­կումնե­րէն, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի շրջա­փակու­մէն ու տնտե­սական պատ­ժա­միջոց­նե­րէն։

Ծո­ցի եր­կիրնե­րը եր­կար տա­րի­ներ օգ­տուած են Հոր­մուզի նե­ղու­ցի ազատ նա­ւար­կութեան պայ­մաննե­րէն ու աստղա­բաշ­խա­կան հարստու­թեան տի­րացած են, սա­կայն Հա­մասի կող­մէ Հոկ­տեմբե­ր 7-ի յար­ձա­կու­մէն ետք, ԱՄՆ-Իս­րա­յէլ – Իրան պա­տերազ­մի ըն­թացքին անոնք յայտնուած են եռա­կողմ աք­ցա­նի մէջ։ Եւ վեր­ջին հա­շուով, այս եր­կիրնե­րը կը հան­դի­սանան գլխա­ւոր տու­ժողնե­րը, որոնք թէ՛ Իրա­նի հրթի­ռակո­ծումնե­րուն կ՚են­թարկուին եւ թէ՛ ան­կա­րող կը դառ­նան ար­տա­ծելու իրենց ար­տադրած քա­րիւ­ղը՝ Իրա­նի պար­տադրած Հոր­մուզի նե­ղու­ցի շրջա­փակու­մին պատ­ճա­ռով։

Մի­ջազ­գա­յին առեւ­տուրին հա­մար Հոր­մուզը ռազ­մա­վարա­կան մեծ կա­րեւո­րու­թիւն ու­նի. ան­կէ կ՚անցնի քա­րիւ­ղի մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յին 20-էն 30 տո­կոսը, ինչպէս նաեւ գիւ­ղատնտե­սու­թեան հա­մար նա­խատե­սուած պա­րար­տա­նիւ­թերն ու այլ յա­րակից ապ­րանքներ։ Իրան­ցի­ները Հոր­մուզը վե­րահսկե­լով՝ տի­րու­թիւն կը հաս­տա­տեն մի­ջազ­գա­յին տնտե­սու­թեան կա­րեւո­րագոյն լծակ­նե­րէն մէ­կուն վրայ, զոր ԱՄՆ-ի նման աշ­խարհի ամէ­նէն հզօր եր­կիրն իսկ մին­չեւ օրս ան­կա­րող եղաւ վե­րաբա­նալու նախ­կին պայ­մաննե­րով։

Ուստի, ներ­կայ հանգրուանին ԱՄՆ-ի մե­ծագոյն մար­տահրա­ւէրը կը հան­դի­սանայ Հոր­մուզի նե­ղու­ցին իրան­ցի­ներէն «ազա­տագ­րումը»։ Իսկ իրան­ցի­ներուն հա­մար Հոր­մուզի նե­ղու­ցին տէր կանգնի­լը պայ­մա­նաւո­րուած է տա­րածաշրջա­նի եր­կիրնե­րէն ԱՄՆ-ի ռազ­մա­կան ու­ժե­րը հե­ռաց­նե­լու կա­րողու­թեամբ։ Այդ պատ­ճա­ռով, ներ­կայ փու­լին Իրան անխնայ կը հա­րուա­ծէ տա­րածաշրջա­նին մէջ գտնուող ԱՄՆ-ի բո­լոր ռազ­մա­կայան­ներն ու մար­տա­նաւե­րը։ Սա մար­տահրա­ւէր մըն է, որուն ել­քը պի­տի պայ­մա­նաւո­րէ մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կան յա­րաբե­րու­թիւններն ու առեւ­տուրը։

ԱՄՆ-Իրան առ­ճա­կատու­մի ել­քը իր ան­մի­ջական ազ­դե­ցութիւնը պի­տի ունենայ նաեւ Հայաստանի եւ անոր անմիջական դրացի եր­կիր­նե­րուն՝ Իրանի, Թուրքիոյ, Ազեր­պայ­ճա­նի եւ, անշուշտ, ԱՄՆ-ի յա­րա­բե­րու­թիւններուն վրայ։ Իրա­նի պար­տու­թիւնը Հայաստանի հարա­ւա­յին սահմանի անկայունութեան ազ­դակ մըն է եւ պիտի զօրացնէ Ազեր­պայ­ճա­նի ազդեցութիւնը։

Ժ.Չ. ■