11-ամեայ Եւայի «հակապետական» նկարը 1800 տոլարով գնուած է

Արցախի տատիկ-պապիկ

11-ամեայ արցախցի Եւայի հեղինակած եւ աղմուկ բարձրացուցած նկարը, որ դրուած էր աճուրդի՝ 1800 ամերիկեան տոլարով գնած է Մոսկուա բնակող արցախցի Գայիանէ Աղաբէկեանը: Այս մասին տեղեկացուցած է աճուրդը կազմակերպած հանրային գործիչ Վարդան Յակոբեանը։

Յիշեցնենք, որ Երեւանի «Անուշաւան Տէր-Ղեւոնդեան» երաժշտական դպրոցի տնօրէնի պաշտօնակատարը դպրոցի աշակերտներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսէն հեռացուցած էր 11-ամեայ աշակերտուհիին գծած Ստեփանակերտի «Մենք ենք, մեր սարերը» («Տատիկ-պապիկ») յուշարձանին նկարը, զայն որակելով «հակապետական քայլ»։