Screenshot

Screenshot

Հայաստան կը գրաւէ առաջին տեղը շարժող թիրախի հրաձգութեան աշխարհի ախոյեանութեան մէջ

Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ կայացած 2026-ի Շարժող թիրախի հրաձգութեան աշխարհի ախոյեանութեան (ISSF) ընթացքին, Հայաստան պատմական նուաճումով մը պսակեց իր մասնակցութիւնը՝ յաջողելով գրաւել մետալներու աղիւսակին առաջին տեղը: Հայկական հաւաքականը ապահովեց 5 ոսկեայ, 1 արծաթեայ եւ 3 պրոնզեայ մետալ՝ գերազանցելով բոլոր մասնակից երկիրները:

Թէեւ Ֆինլանտա ընդհանուր հաշուարկով աւելի շատ մետալ նուաճեց (11), սակայն Հայաստան յաջողեցաւ ապահովել առաջին դիրքը՝ շնորհիւ ոսկեայ մետալներու առաւելագոյն քանակին: Ասիկա հայկական հրաձգութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ երկիրը շարժող թիրախի մարզէն ներս աշխարհի ախոյեաններ կու տայ:

Հայաստանի նուաճած հինգ ոսկեայ մետալները ապահովեցին Հայկ Մինասեան՝ տղոց 10 մեթր շարժող թիրախի խառն (անհատական) մրցաշարքին, եւ Գոռ Խաչատրեան՝ տղոց 10 մեթր շարժող թիրախի (անհատական) մրցաշարքին։ Ասոնց կողքին, Հայկ Մինասեան, Գոռ Խաչատրեան եւ Յովհաննէս Մարգարեան երրեակը ոսկիէ մետալի արժանացաւ տղոց 10 մեթր շարժող թիրախի խմբային մրցումներուն։ Երիտասարդ աղջկանց պայքարին մէջ փայլուն արդիւնք ցուցաբերեց Այտա Ազատեանը, որ աշխարհի ախոյեան հռչակուեցաւ թէ՛ 10 մեթր շարժող թիրախի խառն, եւ թէ՛ 10 մեթր շարժող թիրախի մրցաշարքերուն մէջ։

Հաւաքականին միակ արծաթեայ մետալը ապահովեցին Հայկ Մինասեան, Գոռ Խաչատրեան եւ Յովհաննէս Մարգարեան՝ տղոց 10 մեթր շարժող թիրախի խառն խմբային մրցումներուն։ Ինչ կը վերաբերի երեք պրոնզեայ մետալներուն, զանոնք հայրենիք բերին Հայկ Մինասեան՝ տղոց 10 մեթր շարժող թիրախի (անհատական) պայքարին մէջ, ինչպէս նաեւ տղոց հաւաքականը՝ 50 մեթր շարժող թիրախի խմբային եւ 50 մեթր շարժող թիրախի խառն խմբային մրցաշարքերուն։