Յունի­սեան խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րէն ի վեր առաջին շփումը

images-2

Փութին կրկին հանրաքուէ պահանջած է՝ Եւրոպական Միութեան կամ ԵԱՏՄ-ի միջեւ ընտրութիւն կատարելու համար

Փա­շինեան ալ խնդրած է հայ­կա­կան  ապ­րանքնե­րու՝ ռու­սա­կան շու­կայ ար­տածման ար­գելքնե­րուն հարցով մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նարկել

Յունիսեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Երեւանի հաղորդագրութեան համաձայն, կողմերը միտքեր փոխանակած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգին եւ յատկապէս երկկողմ տնտեսական կապերուն մէջ յառաջացած խնդիրներուն շուրջ: Փաշինեան ընդգծած է, որ հայկական ծագում ունեցող ապրանքներու՝ ռուսական շուկայ արտածման արգելքները կը հակասեն հայ-ռուսական իրաւապայմանագրային դրոյթներուն եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) կանոնակարգերուն, ուստի խնդրած է միջոցներու ձեռնարկել այս հարցերը լուծելու ուղղութեամբ:

Միւս կողմէ, Կրեմլինի հաղորդագրութեան համաձայն՝ Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնութեամբ կայացած այս զրոյցին ընթացքին, Վլատիմիր Փութին վերահաստատած է Մայիս 29-ին Ասթանայի մէջ ԵԱՏՄ-ի անդամ երեք երկիրներու ղեկավարներուն ընդունած միացեալ յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան միանալու ուղղութեամբ Հայաստանի քայլերուն: Ռուսաստանի նախագահը յատկապէս շեշտած է Հայաստանի մէջ օր առաջ համազգային հանրաքուէ կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը՝ յստակացնելու համար, թէ երկիրը կ՚ուզէ՞ միանալ Եւրոպական Միութեան, թէ՞ մնալ ԵԱՏՄ-ի կազմին մէջ: Նոյն միտքը վերահաստատած է նաեւ Կրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով՝ աւելցնելով, որ հանրաքուէն պէտք է յստակօրէն ցոյց տայ, թէ ո՛ր ուղղութեամբ կը փափաքի ընթանալ Հայաստանը:

Ի պատասխան ռուսական կողմի այս պահանջին՝ Փաշինեան նշած է, որ հանրաքուէի մը կազմակերպումը գործնականապէս հնարաւոր կը դառնայ միայն այն ատեն, երբ Հայաստան պաշտօնապէս դիմէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու համար, որպէսզի նիւթը առարկայական դառնայ: Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը միեւնոյն ժամանակ շեշտած է բաց, գործընկերային եւ բարեկամական երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու Երեւանի պատրաստակամութիւնը:

Որպէս յաւելեալ դիտարկում, պէտք է նշել, որ Մոսկուա մինչեւ օրս պաշտօնապէս չէ շնորհաւորած Փաշինեանն ու իշխանութեան կուսակցութիւնը՝ յունիսեան ընտրութիւններուն տարած յաղթանակին առիթով: