Իրանական երկու լրասփիւռներու գործունէութիւնը Ազերպայճանի մէջ ապօրինի նկատուեցաւ

Իրանական

Ազերպայճանի Լրասփիւռներու զարգացման գործակալութիւնը ապօրինի որակած է իրանական «Սահար» հեռատեսիլի կայանին եւ «Մեհր» լրատու գործակալութեան, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի մէջ այս կառոյցներու ներկայացուցիչներուն գործունէութիւնը։ Այս քայլը կու գայ ի պատասխան քանի մը շաբաթ առաջ Թեհրանի կայացուցած որոշումին. Իրան Ազերպայճանի պետական հեռատեսիլի «AzTV» կայանը ընդգրկած էր թշնամական լրասփիւռներու ցանկին մէջ։

Ազերպայճանական կողմը, տարակուսանք յայտնելով իրանեան որոշումին գծով, ընդգծած է, որ կը դիմէ համարժէք հակաքայլերու։ Գործակալութիւնը պաշտօնական յայտարարութեամբ կոչ ուղղած է երկրին մէջ գործող բոլոր լրասփիւռներուն եւ լրագրողներուն՝ բացարձակապէս զերծ մնալու իրանական վերոնշեալ լրասփիւռներուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ որեւէ տեսակի գործակցութենէ։ Պաքու կը պնդէ, որ իրանական այս կառոյցները բացայայտ քարոզչութիւն կը վարեն Ազերպայճանի գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան եւ ազգային անվտանգութեան դէմ։