Պաքուն անփոփոխ ձգեց հայ գերիներուն վճիռները
Պաքուի վերաքննիչ ատեանը անփոփոխ ձգեց Արցախի նախկին ղեկավարներուն եւ հայ միւս գերիներուն դէմ արձակուած ցմահ բանտարկութեան վճիռները
Ազերպայճանական դատարան մը անփոփոխ պահեց Արցախի նախկին ղեկավարներուն եւ հայ միւս գերիներուն դէմ արձակուած դատավճիռներն ու բանտարկութեան պատիժները՝ մերժելով անոնց բողոքարկումները եւ ի զօրու թողլով այս տարուան սկիզբը սահմանուած խիստ պատիժները։
Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ Պաքուի վերաքննիչ դատարանը Օգոստոս 6-ին որոշած է անփոփոխ ձգել Պաքուի զինուորական դատարանին կողմէ Փետրուար 5-ին արձակուած վճիռները։ Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, նախկին Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի եւ հայ միւս բանտարկեալներու ներկայացուցած բողոքարկումները մերժուած են:
Այս որոշումով՝ ի զօրու կը մնան Յարութիւնեանի, Մնացականեանի, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանի, Իշխանեանի եւ Բաբայեանի դէմ արձակուած ցմահ բանտարկութեան վճիռները:
Դատարանը նաեւ հաստատած է Ղուկասեանի եւ Սահակեանի 20-ական տարի բանտարկութեան վճիռները։ Մադաթ Բաբայեան եւ Մելիքսեթ Փաշայեան պիտի շարունակեն կրել իրենց 19 տարուան պատիժը, Գարիկ Մարտիրոսեան՝ 18, Դաւիթ Ալավերդեան եւ Լեւոն Բալայեան՝ 16, իսկ Վասիլի Բեգլարեան, Գուրգէն Ստեփանեան եւ Էրիք Ղազարեան՝ 15 տարի բանտարկութիւնը:
Ազերպայճան 2023 Սեպտեմբերին, Լեռնային Ղարաբաղի դէմ իր շղթայազերծած ռազմական յարձակումէն ետք, ապօրինաբար ձերբակալեց Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը։ Այս գործողութիւնը տեղի ունեցաւ շրջանի իննամսեայ շրջափակումէն ետք, որուն յաջորդեց ամբողջ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնը։ Հայաստան եւ բազմաթիւ միջազգային փորձագէտներ այս արտագաղթը որակած են ցեղային զտում։
Սկզբնական դատավճիռները արձակուած էին 2026 Փետրուարին, երբ Յարութիւնեան, Մնացականեան, Մանուկեան, Իշխանեան եւ Բաբայեան դատապարտուեցան ցմահ բանտարկութեան։ Իսկ Արցախի նախկին նախագահներ Ղուկասեանն ու Սահակեանը, ինչպէս նաեւ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը իւրաքանչիւրը դատապարտուեցաւ 20 տարի բանտարկութեան, քանի որ ազերպայճանական օրէնսդրութիւնը թոյլ չի տար ցմահ բանտարկութիւն սահմանել 65 տարեկան կամ աւելի տարիք ունեցող ամբաստանեալներուն դէմ։
Այս դատավարութիւնները լայնօրէն դատապարտուած են Հայաստանի, միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու եւ իրաւական փորձագէտներու կողմէ, որոնք լուրջ մտահոգութիւններ յայտնած են պատշաճ դատական գործընթացի, իրաւաբանական ներկայացուցչութեան ապահովման եւ դատավարութիւններու արդարութեան վերաբերեալ։ Հայաստան բազմիցս կոչ ըրած է անյապաղ ազատ արձակելու Ազերպայճանի մէջ տակաւին պահուող բոլոր հայ գերիները։
