Թրամփի, Փաշինեանի եւ Ալիեւի միացեալ յայտարարութիւնը

Փաշ-Թրամփ-Ալիեւ

Մէկ տարի առաջ, նախագահ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց պատմական վեհաժողով մը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ, որուն ընթացքին վարչապետ Փաշինեանն ու նախագահ Ալիեւը ստորագրեցին Խաղաղութեան միացեալ հռչակագիրը։ Երեք առաջնորդներու ներկայութեամբ՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարները նախաստորագրեցին «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազերպայճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագրի նախագիծը։ Այս առաջին տարեդարձին առիթով հպարտ ենք այն ամէնով, զոր մեր երկիրները իրագործած են միասնաբար, եւ խորապէս վճռակամ՝ շարունակելու կառուցել այն հիմքին վրայ, որ վերջ դրաւ տասնամեակներ տեւած հակամարտութեան եւ Հարաւային Կովկասը առաջնորդեց աւելի բարգաւաճ ապագայի ուղիով։ Իբրեւ գնահատանք խաղաղութեան ապահովման ուղղուած այս պատմական ու հսկայական ջանքերուն՝ վարչապետ Փաշինեան եւ նախագահ Ալիեւ միասնաբար առաջադրեցին նախագահ Թրամփի թեկնածութիւնը՝ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին համար։

Համատեղ հռչակագիրը, Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի համար ապահովեց յստակ ճանապարհային քարտէս մը՝ խաղաղութիւնը ամրապնդելու, բարգաւաճման հասնելու եւ գործընկերութիւնը խորացնելու նպատակով։ Այս համարձակ առաջնորդներու հանդիպումէն ի վեր՝ անցնող մէկ տարուան ընթացքին, երկիրները յարատեւ յաջողութեան հիմքեր ստեղծած են։

Հայաստանն ու Ազերպայճանը կայունութիւն պահպանած են Հայաստան-Ազերպայճան սահմանի երկայնքին եւ երկուստեք շօշափելի քայլերու կը ձեռնարկեն յարաբերութիւններու բնականոնացման, սահմաններու զատման եւ մնայուն կայունութեան ապահովման համար՝ կենսական նշանակութիւն ունեցող միջոցառումներու ճամբով վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։

«Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) բազմաբնոյթ տարանցիկ ուղին տեսլականէ կը վերածուի իրականութեան՝ շնորհիւ այնպիսի յստակ յառաջընթացներու, ինչպէս ենթակառոյցներու զարգացումը խթանելու նպատակով TRIPP-ի զարգացման ընկերութիւն հիմնելու վերաբերեալ Հայաստան-ԱՄՆ համաձայնութիւնը։ Հայաստանի մէջ արդէն իսկ կ՚ընթանան ճարտարագիտական ուսումնասիրութիւններ։ Ազերպայճանը իր տարածքին մէջ գրեթէ աւարտած է մայրուղիի եւ երկաթուղիի կառուցումը՝ Հայաստանի տարածքին գտնուող TRIPP-ին միանալու համար։ Երեք երկիրները նաեւ կ՚աջակցին TRIPP-ի ծիրին մէջ ելեկտրահաղորդման գիծի կառուցման։

Միացեալ Նահանգները 201 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ յատկացուցած է Անդրկասպեան ձեռնարկութիւններու հիմնադրամին՝ նպաստելու համար մասնաւոր մարզի ներդրումներու ներգրաւման Անդրկասպեան առեւտրային ուղիի (Միջին միջանցք) Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հատուածներուն մէջ։

Միացեալ Նահանգները խորացուցած է իր կապերը Հայաստանի եւ Ազերպայճանի հետ՝ ստորագրելով նոր, երկկողմանի ռազմավարական գործընկերութիւններ սահմանող կանոնադրութիւններ, ինչպէս նաեւ փոխըմբռնման յուշագրեր՝ ուժանիւթային անվտանգութեան, սահմանային ենթակառոյցներու ու անվտանգութեան, արհեստական բանականութեան, կիսահաղորդիչներու նորարարութեան եւ կարեւորագոյն հանքանիւթերու վերաբերեալ, որոնք ներդրում կը հանդիսանան երեք պետութիւններու երկարաժամկէտ բարգաւաճման մէջ եւ արդէն իսկ շօշափելի արդիւնքներ տուած են։

Հաւատարիմ մնալով Սպիտակ տան մէջ կայացած Խաղաղութեան վեհաժողովի ոգիին՝ Ազերպայճանը միակողմանիօրէն վերցուցած է տարանցման բոլոր սահմանափակումները Հայաստանի նկատմամբ։ Անցնող մէկ տարուան ընթացքին, Ազերպայճանի տարածքով դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն դուրս փոխադրուած է շուրջ 60.000 թոն ապրանք։ Ազերպայճանը նաեւ 20.000 թոն նաւթամթերք մատակարարած է Հայաստանին։ Երկու երկիրները կը շարունակեն աշխատիլ երկկողմանի առեւտուրի ծաւալներու ընդարձակման ուղղութեամբ։

Երկու երկիրներու հեռահաղորդակցութեան ընկերութիւնները ստորագրած են համացանցային կապի վերաբերեալ համաձայնագիր մը, որ պիտի նպաստէ տարածաշրջանային կապուղիներու բազմազանացման, Հարաւային Կովկասի մէջ վստահելիութեան ու դիմադրողականութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ Եւրասիոյ հեռահաղորդակցային ցանցերու ենթակառոյցներու զարգացման։

Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միացեալ դիմումին հիման վրայ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը եւ յարակից կառոյցները լուծարուած են՝ ի նշան այն իրողութեան, որ չլուծուած հակամարտութիւններու դարաշրջանը աւարտած է։

Միացեալ Նահանգներու հրաւէրով՝ Հայաստանն ու Ազերպայճանը միացած են Խաղաղութեան խորհուրդին՝ ցոյց տալով, որ անոնք Միացեալ Նահանգներու կողքին են՝ աւելի խաղաղ եւ բարգաւաճ աշխարհ մը կերտելու ջանքերուն մէջ։

Միացեալ Նահանգները, Հայաստանն ու Ազերպայճանը կը վերահաստատեն իրենց անսասան աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ինքնիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան նկատմամբ՝ իրենց միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ։ Երեք երկիրները յանձնառու կը մնան Օգոստոս 8-ի Համատեղ հռչակագիրի լիարժէք իրագործման՝ անոր բովանդակութեան ու ոգիին համապատասխան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի բացառիկ տնտեսական ներուժի բացայայտման։ Աւելին, Միացեալ Նահանգները հանձնառու կը մնայ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի հետ ստորագրուած երկկողմանի կանոնադրութիւններու եւ փոխըմբռնման յուշագրերու լիարժէք գործադրման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն հետ իր երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման։

Իրական խաղաղութիւնը երբեք մէկ օրուան մէջ չի կերտուիր, բայց ինչպէս կ՚ըսէ նախագահ Թրամփը. «Խոստումները տրուած են, խոստումները՝ կատարուած»։ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի կողմէ մնայուն խաղաղութեան ուղղութեամբ առնուող քայլերը օրինակ են ամբողջ աշխարհին համար, եւ մենք տարածաշրջանին համար կ՚ակնկալենք պայծառ ու բարգաւաճ ապագայ մը։