Միջազգային գիտաժողով «Արեւմտահայերէնի հիմնահարցեր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ»
Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի Արեւմտահայերէնի բաժինը սիրով կը տեղեկացնէ, որ 2026 թուականի սեպտեմբեր 25-ին կը կազմակերպէ «Արեւմտահայերէնի հիմնահարցեր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ» խորագիրով միջազգային գիտաժողով։
Գիտաժողովի հիմնական ուղղութիւնները.
→ Արեւմտահայերէն-արեւելահայերէն զուգադրական քերականութիւն,
→ Արեւմտահայերէնը երկլեզու եւ բազմալեզու միջավայրէն ներս,
→ Արեւմտահայերէնը մամուլի եւ տեղեկատուական դաշտէն ներս,
→ Արեւմտահայերէնի դասաւանդման արդի եղանակներ,
→ Արեւմտահայերէնի թուայնացումը եւ արհեստական բանականութիւնը,
→ Օտար լեզուներէ արեւմտահայերէն թարգմանութեան հարցեր,
→ Արեւմտահայերէնի վիճակը Հայաստանի մէջ։
Մասնակցութեան գլխաւոր պայմանները.
• Մասնակցութեան ձեւաչափ. առկայ եւ առցանց։
• Դիմումներու ընդունման վերջնաժամկէտ. 21 օգոստոս 2026։
Գրանցում.
• Արեւմտահայերէն՝ https://forms.gle/UssZjRz1N2D5vtrd7
• Արեւելահայերէն՝ https://forms.gle/3nnvkUK2JuSAcxfo7
• Անգլերէն՝ https://forms.gle/Y8MhCvAer57CMujh8
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ հաճեցէ՛ք այցելել հիմնարկիս կայքը՝
