ՀՀ քաղաքացի աշակերտներուն պիտի արգիլուի ուսանիլ Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն մէջ
Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան տեսուչները ստուգումներ սկսած են Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն մէջ, եւ այս գործընթացը մօտիկ ապագային պիտի ընդգրկէ նաեւ յունական ու հրէական կրթօճախները։
Ըստ շրջող տեղեկութիւններուն՝ տեսուչները դպրոցներու տնօրէնութիւններուն յայտնած են, որ այլեւս կ՚արգիլուի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող աշակերտներու ընդունելութիւնը։ Անոնք առաջարկած են այդ երեխաները տեղափոխել թրքական պետական դպրոցներ. այս մասին կը հաղորդէ «Էրմէնիհապէր»-ը։
Մինչդեռ 2012-ին ընդունուած կանոնակարգին համաձայն՝ օտարերկրացի աշակերտները կարելիութիւն ունէին «հիւր աշակերտ»-ի կարգավիճակով ուսանելու ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն մէջ, թէեւ առանց աւարտական վկայական ստանալու իրաւունքի։ Շուրջ 14 տարիէ ի վեր գործող այս դրութեան յանկարծակի դադրեցման փորձը լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է հայ համայնքին եւ իրաւապաշտպաններուն մէջ։
«Մարդկային իրաւանց եւ ճնշուածներու զօրակցութեան ընկերակցութիւն»-ը (MAZLUMDER) այժմ աշխատանք կը տանի ՀՀ քաղաքացի աշակերտներու կրթութեան իրաւունքի խախտումներուն ուղղութեամբ։ Կազմակերպութիւնը Պոլսոյ «Ակօս» հայկական շաբաթաթերթին յայտնած է, որ կը փորձէ հանդիպումներ ունենալ քաղաքացիական հասարակութեան կառոյցներու, ուսումնական հաստատութիւններու, պատկան մարմիններու եւ այս որոշումէն տուժած ընտանիքներուն հետ։
Յատկանշական է, որ այս զարգացումները տեղի կ՚ունենան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ենթախորքին վրայ։
