Firebird AI-ի ներդրումը Հայաստանի մէջ կրնայ հասնիլ 7–8 միլիառ տոլարի

Firebird

Firebird AI-ի համահիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Ալեքսանտր Եսայեանի համաձայն՝ Հայաստանի մէջ ընկերութեան արհեստական բանականութեան հաշուարկային ենթակառոյցի ծրագրին երկրորդ փուլի ներդրումը այժմ կը գնահատուի 7–8 միլիառ տոլար։ Նախապէս ընկերութիւնը յայտարարած էր շուրջ 4 միլիառ տոլարի ընդհանուր ներդրումի մասին՝ հաշուարկային հզօրութիւնները մինչեւ 50 հազար GPU-ի (GPU=կրաֆիքական հաշուարկային մշակիչ) հասցնելու նպատակով։

Ծրագրի երկրորդ փուլին նախատեսուած է երկու տարուան ընթացքին աւելցնել 45 հազար GPU եւս։ Առաջին փուլը արդէն սկիզբ առած է՝ 6,144 NVIDIA B300 բարձր հզօրութեան մշակիչներով, իսկ երրորդ փուլը կը նախատեսէ համակարգին միացնել 60 հազար GPU եւս։

Եթէ ծրագրի երեք փուլերն ալ ամբողջութեամբ իրագործուին, Հայաստանի մէջ Firebird AI-ի հաշուարկային ենթակառոյցը պիտի գերազանցէ 100 հազար բարձր արտադրողականութեամբ GPU-ն՝ Հայաստանը դարձնելով արհեստական բանականութեան հաշուարկային զգալի կարողութիւններ ունեցող կեդրոններէն մէկը։

Եսայեանի գնահատումով՝ միայն երկրորդ փուլի իրականացումը կրնայ ծրագրին տարեկան շրջանառութիւնը հասցնել աւելի քան 2 միլիառ տոլարի։

Ան նաեւ նշած է, որ հազարաւոր մարդիկ արդէն ներգրաւուած են շինարարական, նախագծային եւ ծրագրի իրագործման հետ կապուած այլ աշխատանքներու մէջ։ Ընդլայնման յաջորդ փուլերուն ակնկալուած է նոր աշխատատեղերու ստեղծում՝ գլխաւորաբար հայ մասնագէտներու համար։