Մոսկուա. «Երեւանի կողմէ ՄՊԱ-ի ճանաչումը Եւրոպական Միութեան մերձենալու քայլ է»
Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը յայտարարած է, թէ Հայաստանի կողմէ Միջազգային պատժական ատեանի (ՄՊԱ) իրաւասութեան ճանաչումը նախ եւ առաջ պայմանաւորուած է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Երեւանի ձգտումով։
Ըստ գերատեսչութեան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ հակառակ անոր որ Հայաստան Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումը պաշտօնապէս կը հիմնաւորէր սահմանային բախումներու ընթացքին կատարուած յանցագործութիւններու միջազգային հետաքննութեան անհրաժեշտութեամբ, մինչեւ օրս Երեւան որեւէ նման պահանջով չէ դիմած ատեանին։
«Իրականութեան մէջ, ՄՊԱ-ի կանոնադրութեան միանալը ԵՄ-ի անդամակցութեան ձգտող երկիրներու համար քաղաքական գլխաւոր պայմաններէն մէկն է»,– կը նշէ ռուսական կողմը՝ աւելցնելով, որ Մոսկուայի համոզումով՝ այս ատեանը քաղաքականացուած եւ կողմնակալ կառոյց մըն է, որ պատրաստ է կատարելու արեւմտեան հովանաւորներու պատուէրները։
Նշենք, որ Մոսկուայի կոշտ դիրքորոշման հիմնական պատճառը այն է, որ 2023-ի Մարտին ՄՊԱ-ն ձերբակալման հրամանագիր արձակած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէմ։ Ուստի, կանոնադրութիւնը վաւերացնելով, Հայաստան տեսականօրէն պարտաւորուած կ՚ըլլայ ձերբակալել Ռուսաստանի ղեկավարը անոր՝ Հայաստան այցի պարագային. հեռանկար մը, որ Քրեմլինի կողմէ կը դիտարկուի իբրեւ բացայայտ թշնամական քայլ։
Յիշեցնենք, որ Երեւան կանոնադրութեան վաւերացումը առաւելաբար հիմնաւորած էր երկրի անվտանգութեան լրացուցիչ երաշխիքներ ապահովելու հրամայականով՝ շեշտելով, որ Ազերպայճանի կողմէ նոր ռազմական յարձակումի վտանգը բարձր կը մնայ, իսկ ՄՊԱ-ի իրաւազօրութիւնը կրնայ իբրեւ կանխարգելիչ եւ զսպող միջոց ծառայել Պաքուի դէմ։
Ներկայիս Հռոմի կանոնադրութեան միացած է 123 պետութիւն։ Տարածաշրջանի միւս երկիրներէն զայն վաւերացուցած է միայն Վրաստանը (2003-ին)։ Թուրքիա եւ Ազերպայճան չեն ստորագրած համաձայնագիրը, իսկ Ռուսաստան 2016-ին ետ քաշած է իր ստորագրութիւնը։
