Հայկական օդանաւային ընկերութիւն մը առաջին անգամ նոր օդանաւեր պատուիրած է ուղղակի Airbus-էն

Օդանաւ

FlyOne Armenia աւարտած է երկու նոր Airbus A321neo օդանաւերու պատուէրի ձեւակերպումը, կը հաղորդէ Airbus-ի մամլոյ ծառայութիւնը։

Ասիկա հայկական օդանաւային ընկերութեան մը կողմէ Airbus-ին տրուած առաջին ուղղակի պատուէրն է։

Համաձայնագիրը նախապէս յուշագիրի ձեւով կնքուած էր Մայիս 5-ին՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմանiւէլ Մաքրոնի Երեւան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին։