ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ. Հոկտեմբեր 10-ին, Փարիզի մէջ Ժան Քորտել պիտի վերակենդանացնէ իր ծովային սպայ մեծ հօր պատմութիւնը

ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ. Հոկտեմբեր 10-ին, Փարիզի մէջ Ժան Քորտել պիտի վերակենդանացնէ իր ծովային սպայ մեծ հօր պատմութիւնը

Սպայի մը օրա­տետ­րը, աւե­լի քան եր­կու հա­րիւր լու­սանկար­ներ պա­րու­նա­կող ալ­պոմ մը՝ իր իսկ ձեռ­քով թուագ­րուած ու մա­կագ­րուած։ Մօ­րենա­կան մեծ հօր­մէն Ժան Քոր­տել գտած է այս վկա­յու­թիւննե­րը, որոնք կը պատ­մեն ոչ միայն ծովային սպայի մը ան­ցած ու­ղին, այ­լեւ անոր մաս­նակցու­թիւնը հա­յոց պատ­մութեան վճռո­րոշ մէկ դրուագին։ 1915 թուակա­նի Սեպ­տեմբե­րին Ժան Լը Մէ 23 տա­րեկան էր։ Որ­պէս ծո­վային սպայ «Desaix» հա­ծանա­ւուն վրայ, ան մաս կը կազ­մէր ցա­մաքա­հանու­մի ջո­կատին, եւ կը մաս­նակցի Մու­սա Լե­ռան հա­յերու փրկու­թեան։ 

Աւե­լի քան մէկ դար ետք, անոր թո­ռը Շա­բաթ, Հոկ­տեմբեր 10-ին, Փա­րիզի Սուրբ Խաչ հայ կա­թողի­կէ տա­ճարին մէջ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ իր եր­կա­րամեայ պրպտումնե­րուն ար­դիւնքը հան­դի­սացող գիր­քը։

1915-ին, երբ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կը հա­րուա­ծէր Օս­մա­նեան կայսրու­թեան հա­յերը, խումբ մը գիւ­ղա­ցիներ կը մեր­ժեն են­թարկուիլ բռնա­գաղ­թի հրա­ման­նե­րուն եւ կ՚ապաս­տա­նին Մու­սա Լեռ։ Մի­ջերկրա­կան ծո­վուն վրայ իշ­խող այս լե­ռան վրայ, անոնք կը կազ­մա­կեր­պեն իրենց ինքնա­պաշտպա­նու­թիւնը եւ յի­սու­նե­րեք օր կը դի­մադ­րեն օս­մա­նեան զօր­քերու գրոհ­նե­րուն։ 

Սա­կայն պա­րէնն ու զի­նամ­թերքը կը սպա­ռին։ Ֆրան­սա­կան նա­ւատոր­մին կող­մէ նշմա­րուե­լով՝ դի­մադ­րողնե­րը ծովայիններուն հետ կը ծրագ­րեն տար­հա­նում մը, որ աւե­լի քան չորս հա­զար հո­գիի թոյլ կու տայ Ռաս էլ Մի­նայի ծո­վափէն հաս­նիլ Փոռ Սա­յիտ (Եգիպ­տոս)։ Ամ­բողջա­կան ըն­տա­նիք­ներ այսպէ­սով կը փրկուին բնաջնջու­մէն՝ իրենց պա­պենա­կան հո­ղէն վերստին ար­մա­տախիլ ըլ­լա­լու ծանր գնով։

Պրը­թոն երի­տասարդ սպա­յին պատ­մութիւ­նը կը միահիւ­սուի այս հա­ւաքա­կան ճա­կատագ­րին։ Իր «Հա­յերուն եւ ծովային­ներուն դիւ­ցազներ­գութիւ­նը. Մու­սա Լեռ / Ռաս էլ Մի­նա, Սեպ­տեմբեր 1915» («L’Épopée des Arméniens et des marins. Musa Dagh / Ras El Mina. Septembre 1915») գիր­քով, որ լոյս տե­սած է «Hémisphères» հրա­տարակ­չա­տան կող­մէ, Ժան Քոր­տել կը վե­րար­տադրէ Ժան Լը Մէի ու­ղե­գիծը եւ կ՚անդրա­դառ­նայ վե­րապ­րե­լու վճռա­կամ հա­յերուն եւ անոնց փրկու­թեան լծուած ծովայիններուն մի­ջեւ այս պատ­մա­կան հան­դի­պու­մին։ Տաս­ներկու տա­րուան պրպտումնե­րը հարստա­ցու­ցած են այս աշ­խա­տասի­րու­թիւնը։ Ֆրան­սա­կան ըն­տա­նիքի մը մէջ պահ­պա­նուած յու­շե­րը այսպիէսով կու գան միանա­լու հայ ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ փո­խան­ցուած յի­շողու­թեան. իւ­րա­քան­չիւրը կը պա­հէ մա­սունք մը այն օրե­րէն, որոնցմէ կա­խեալ էր իրենց ապա­գան։

Ֆրան­սա­յի Հայ կա­թողի­կէ Սուրբ Խաչ միու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած այս հան­դի­պու­մին զու­գա­հեռ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հա­րիւ­րի չափ պատ­մա­կան վա­ւերա­թուղթե­րու՝ լու­սանկար­նե­րու, քար­տէսնե­րու, ինչպէս նաեւ հան­րա­յին ու անձնա­կան ար­խիւնե­րու ցու­ցա­հան­դէս մը։ Ասի­կա հիանա­լի առիթ մըն է այս պատ­մութիւ­նը «տե­սանե­լի» դարձնե­լու՝ ծա­նօթա­նալով դէպ­քե­րուն վայ­րե­րուն եւ իրա­կան դէմ­քե­րուն, ինչպէս նաեւ անոնց ձգած վկա­յու­թիւննե­րուն ընդմէ­ջէն հասկնա­լու, թէ ինքնա­պաշտպա­նու­թիւնը ինչպէ՛ս վե­րածուեցաւ փրկա­րար գոր­ծո­ղու­թեան։

Դա­սախօ­սու­թեան պի­տի յա­ջոր­դէ գիր­քին վա­ճառքն ու մա­կագ­րու­թիւնը։

Շաբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2026, ժամը 15-ին, Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ տաճարի ծխական սրահ, 13, rue du Perche, Paris 3e. Մուտքը՝ ազատ։ ■