Փարիզի մէջ Ֆրէտ Նեւշէ կը վերակենդանացնէ հայ գաղթականներու տարագրութեան պատմութիւնը
Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած իր նախնիներուն հետքերով՝ ֆրանսահայ բանաստեղծ եւ երաժիշտ Ֆրէտ Նեւշէ Հոկտեմբեր 14-ին Փարիզի «Փորթ Տորէ» պալատին մէջ ներկայացուցած է «Լողոֆէթ կամ կորսուած անունը» խորագրով երաժշտական եւ վաւերագրական ստեղծագործութիւնը։
1923 Հոկտեմբեր 15-ին, ոսկերիչ Լողոֆէթն ու իր կինը՝ Սաթենիկ, իրենց հինգ զաւակներուն հետ կը հասնին Մարսիլիա։ Առողջապահական պարտադիր մեկուսացումէ մը ետք անոնք կը փոխադրուին Օտտօ գաղթակայանը, ուր ապաստան գտած էին Ցեղասպանութենէն վերապրած բազմաթիւ հայեր։ Մէկ դար ետք անոնց ծոռը՝ Ֆրէտ Նեւշէ, կը փորձէ վերագտնել ընտանիքին պատմութիւնն ու իր նախահօր խորհրդաւոր անունին ակունքները։
Լիբանանցի հետազօտող Տիալա Լթէյֆի հետ պատրաստուած այս ստեղծագործութիւնը իրարու կը կապէ Մարսիլիոյ եւ Պէյրութի մէջ ապաստան գտած երկու հայ ընտանիքներու ճակատագրերը։ Մինչ Նեւշէ կը հետեւի իր նախնիներուն անցած ուղիին, Լթէյֆ կը բացայայտէ Պէյրութ հասած եւ Լազարէթի մեկուսարանէն անցած հայ գաղթականներու պատմութիւնը։
Պատումի, երաժշտութեան, արխիւային փաստաթուղթերու եւ տեսանիւթերու միահիւսումով՝ ներկայացումը կը վերակենդանացնէ Միջերկրականի երկու ափերուն ապաստան գտած հայերու ապրումները, կորուստներն ու յիշողութիւնները։
«Կորսուած անունը» այսպէս կը դառնայ ոչ միայն ընտանիքի մը անցեալը վերագտնելու փորձ, այլեւ խորհրդանիշը հազարաւոր տարագիր հայերու, որոնց պատմութիւններն ու անունները ժամանակի ընթացքին մոռացութեան մատնուած են։
Ներկայացումը կայացած է «Փորթ Տորէ» պալատի «Մարի Քիւրի» լսարանին մէջ, որուն յաջորդած է զրոյց մը ստեղծագործական խումբին հետ։
