ԱՄՆ-ու ծերակուտական Պրատ Շերմէն Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յատկացումներու ենթայանձնաժողովի ունկնդրութիւններու ընթացքին կոչ ըրած է 2024-ին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել Ազերպայճանի շրջափակման մէջ գտնուող Արցախցիներուն:
Ան յայտարարած է, որ Հայերը հազարաւոր տարիներ ապրած են այդ տարածաշրջանին մէջ եւ Ստալին «չարամտօրէն» այդ հողը յանձնած է Ազերպայճանին:
“Ատոր հետեւանքը սարսափելի հակամարտութիւնն էր, իսկ այժմ այդ տարածաշրջանին մէջ ապրող Հայերու երեք ամիսէ ի վեր տեւող շրջափակումը: Անոնք մարդասիրական օգնութեան խիստ կարիքը ունին, եւ ես կը յուսամ, որ դուք մեծահոգի կը գտնուիք եւ մարդասիրական օժանդակութիւն կը տրամադրէք Արցախի ժողովուրդին”,– ըսած է ծերակուտականը:
Նշենք, թէ ԱՄՆ-ու Ծերակոյտի հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն եւս արդէն կոչ յղած է Ներկայացուցիչներու պալատի իր գործակիցներուն՝ 100 միլիոն տոլար յատկացնելու Հայաստանին եւ 50 միլիոն ալ՝ Արցախին։