“Ոստիկանութիւնը պատշաճ կերպով կ՚ապահովէ Իրանի դեսպանատան առջեւ ընթացող հաւաքին անվտանգութիւնը”, – «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Նարեկ Սարգսեան։
“Երթը արտօնուած չէ, ինչպէս նաեւ հաւաքի ընթացքին 7 հոգի «Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ» օրէնսգիրքի 182-րդ յօդուածով (Ոստիկանութեան ծառայողի օրինական պահանջը չկատարելը) նախատեսուած արարք կատարելնուն համար ենթարկուած են վարչական ձերբակալման”,– ըսած է Սարգսեան։
Ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը աւելցուցած է, որ ոստիկանութիւնը պիտի շարունակէ իրականացնել օրէնքով իրեն վերապահուած լիազօրութիւնները՝ ապահովելով հասարակական կարգը։
Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կը կատարեն Հայաստանի մէջ բնակող խումբ մը իրանցիներ։ Ցուցարարները կը բողոքեն Իրանի մէջ ցուցարարներուն նկատմամբ իշխանութիւններուն գործողութիւններուն դէմ եւ կը պահանջեն աշխարհիկ իշխանութիւն՝ կրօնական կառավարման փոխարէն։ Անոնք կը փափաքին երթ կատարել դէպի Կապոյտ մզկիթ, սակայն ոստիկանութիւնը թոյլ չի տար երթին՝ նշելով, որ արտօնուած չէ։ Ցուցարարները նստացոյց սկսած են դեսպանատան առջեւ։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը՝ Խալիլ Շիրղոլամի առջի օր տրտնջացած էր, որ մարդիկ Երեւանի մէջ իրենց դեսպանատան առջեւ անսանձ կը բողոքեն, վիրաւորական արտայայտութիւններ կ՚ունենան եւ թէ այդ երեւոյթը սկսած է Թեհրանի մտածել տալ, որ Հայաստանը կը դառնայ Իրանի նկատմամբ թշնամաբար տրամադրուած ուժերու գործունէութեան կեդրոն։
