«Գրակա՞ն սփիւռք մը»
Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան տնօրէնուհին՝ Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան
եւ Մարկ Նշանեան
Մարկ Նշանեան՝ Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան մէջ
Ուրբաթ, Յունուար17-ին, Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տունը հիւրընկալեց Մարկ Նշանեանը, որ բանախօսեց՝ «Գրակա՞ն սփիւռք մը» նիւթով։ Հանդիպումը համախմբած էր յիսունի չափ ներկաներ՝ գրականութեան եւ սփիւռքեան փորձառութեան շուրջ խիտ եւ պահանջկոտ խորհրդածութեան մը համար։ Այս ձեռնարկը սկիզբ դրաւ բանախօսութիւններու շարքի մը, որ կազմակերպուած է Գիրքի ցուցահանդէսի (Salon du livre) տրամաբանական շարունակութեան մէջ եւ կը կրէ «Եւ եղեւ սփիւռք» խորագիրը։
Փիլիսոփայ, գրական քննադատ եւ թարգմանիչ Մարկ Նշանեան առանցքային տեղ կը գրաւէ հայ գրականութեան եւ սփիւռքի մտաւորական հիմնախնդիրներուն նուիրուած ժամանակակից մտքին մէջ։ Նիւ Եորքի Գոլոմպիա համալսարանի հայ լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի նախկին վարիչ, ապա Պոլսոյ Սապանճը համալսարանի «Մշակութային ուսումնասիրութեանց» ծրագրի դասախօս՝ ան տասնամեակներէ ի վեր կը խորացնէ իր մտորումները լեզուի, պատմութեան, յիշողութեան եւ գրական ստեղծագործութեան փոխյարաբերութիւններուն շուրջ։
Բանախօսութեան առանցքը կը կազմէր դիտումնաւոր կերպով բաց ձգուած հարցադրում մը. կարելի՞ է խօսիլ գրական սփիւռքի մը մասին։ Աւելի՛ն. արդեօք սփիւռքը ինքզինք չի՞ ծնաներ գրականութեան միջոցաւ, եւ մասնաւորապէս՝ հայալեզու գրականութեան։ Վեր առնելով «Եւ եղեւ սփիւռք» ազդեցիկ բանաձեւումը՝ Մարկ Նշանեան զայն երկխօսութեան մէջ դրաւ Զարեհ Որբունիի առանցքային վէպին՝ 1964-ին հրատարակուած «Եւ եղեւ մարդ»-ին հետ, որ կ՚աւետէր սփիւռքեան մարդուն ծնունդը։
Ըստ Նշանեանի՝ այս «աւետիսը» կրնար իրականանալ միայն թարգմանութեան, բառին խորին իմաստով, աշխատանքին ընդմէջէն. թարգմանութիւն՝ լեզուներու միջեւ, բայց նաեւ՝ ներքին թարգմանութիւն՝ գիտակցութեանց մէջ։ Խօսքը անցեալէն ժառանգուած ինքնութեան մղձաւանջներէն ձերբազատելու եւ օտարին հանդիպիլ սորվելու մասին է՝ եւ այդ ալ՝ սեփական լեզուին մէջ։ Երկարատեւ հոլովոյթ մը, երբեմն ամբողջ կեանքի մը տեւողութեամբ, զոր հարկ էր նաեւ պատմել։
Զարեհ Որբունի լծուած է այդ աշխատանքին «Եւ եղեւ մարդ»-ին յաջորդող երկու վէպերուն մէջ՝ «Թեկնածուն» (1967) եւ «Ասֆալթը» (1972), որոնք վերջերս ֆրանսերէնով լոյս տեսան «Parenthèses» հրատարակչատան կողմէ՝ Մարկ Նշանեանի թարգմանութեամբ։ Այս գործերը ընթերցողին կը հրամցնեն օտարին փորձառութիւնը, որ կը գերազանցէ լոկ լեզուական թարգմանութեան հարցը՝ դառնալով սփիւռքեան պայմաններու հիմնադիր փորձառութիւն։
Այսպէսով, բանախօսութիւնը բացաւ միշտ այժմէական հարցադրումներու շարք մը. ո՞ր սփիւռքին մասին է խօսքը։ Ան արդէն իսկ կայացա՞ծ իրականութիւն մըն է, գաղափա՞ր մը, թէ՞ գալիք հորիզոն մը։ Ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր, որ գրականութիւնը ըլլար անոր յայտնութեան վայրը։ Եւ ի՞նչ կը սպասէ ան մեզմէ այսօր։
Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան մէջ կայացած այս հանդիպումը լիովին կը համապատասխանէ հաստատութեան առաքելութեան, որ կը ջանայ ստեղծել մտորումի եւ երկխօսութեան միջավայրեր հայ մշակոյթին շուրջ՝ իր բոլոր հարստութեամբ եւ բարդութեամբ։ Ան սկիզբը կը հանդիսանայ բանախօսութիւններու շարքի մը, որ կոչուած է շարունակելու Գիրքի ցուցահանդէսին ընթացքին սկսած զրոյցներն ու քննարկումները։
Թ. Ն. ■
