Բարենորոգման խորհուրդը կոչ կ՚ուղղէ չեղեալ նկատելու արտասահմանի մէջ Եպիսկոպոսաց ժողով գումարելու որոշումը

616332874_1335723215260170_6079626453453554484_n

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարենորոգման խորհուրդը կոչ կ՚ուղղէ չեղեալ յայտարարելու արտասահմանի մէջ Եպիսկոպոսաց ժողով գումարելու որոշումը։ Խորհուրդը յայտարարութիւն մը հրապարակած է, որուն մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, թէ պէտք է իրատեսական ճամբաներ գտնել՝ վերջ տալու համար եկեղեցւոյ վերնախաւին եւ պետութեան միջեւ կործանարար առճակատման։

«Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն եպիսկոպոսներուն “հրաւէր” ուղարկուած է՝ մասնակցելու 2026 Փետրուար 16-19-ին Աւստրիոյ Ս. Փէօլթըն քաղաքին մէջ գումարուելիք Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովին։ Կը նշուի, թէ ժողով գումարելու որոշումը կայացուած է տարւոյս Յունուար 13-ին գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին կողմէ։ Եպիսկոպոսաց ժողովին կը նախատեսուի քննել Հայ եկեղեցւոյ շուրջ “վերջին զարգացումները” եւ “ներեկեղեցական կեանքին առնչուող հարցեր”։

Այս խնդրայարոյց գրութեան ի պատասխան կը յայտնենք.

Այսօրուան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը անվաւեր կառոյց է, քանզի ան ընտրուած էր 2017-ի Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին կողմէ՝ չորս տարուան համար, որուն գործունէութիւնը աւարտած է 2021-ին։ Անկէ ետք անդամներու հեռացումներն ու լրացումները կատարուած են Ամենայն հայոց կաթողիկոսի գահը գրաւող անձին կամայականութեամբ։ Ուստի այդ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի որոշումները կանոնական չեն։

Ամենայն հայոց կաթողիկոսին նստավայրը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինն է, որ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան կեդրոնն է՝ ճանչցուած թէ՛ քրիստոնեայ աշխարհին եւ թէ՛ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներուն կողմէ։ Որպէս Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոն, հոս ձեռնադրուած են բոլոր եպիսկոպոսները։ Իր անկախութիւնը ամրապնդող Հայաստանի Հանրապետութեան պայմաններուն մէջ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ Եպիսկոպոսաց ժողով չգումարելու պատճառները չեն ներկայացուած եւ այդ որոշումը հիմնաւորուած չէ։ Ոեւէ մէկը իրաւունք չունի նման կարեւոր ժողով մը օտար երկիր տեղափոխելով՝ հեղինակազրկելու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ վարկաբեկելու Հայոց պետականութիւնը։

Համակարգող խորհուրդին եւ անոր միացած եկեղեցականներուն արծարծած խնդիրներուն, Հայ եկեղեցւոյ բարենորոգման, Հայաստանեայց առաքելական մեր Սուրբ եկեղեցւոյ փաստացի պետին եւ որոշ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներու առանձին խնդրայարոյց եւ աղմկայարոյց դէպքերուն, Մայր Աթոռին կողմէ առ այսօր որեւէ արձագանգ չէ եղած։ Անոնց վերաբերեալ չէ ձեռնարկուած ոչ մէկ կանոնական գործընթաց, ժողով, քննարկում կամ քննութիւն։ Չէ հրաւիրուած որեւէ հանդիպում Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ՝ սոյն հարցերը յստակացնելու եւ ապա Եպիսկոպոսաց ժողովի օրակարգին մէջ ընդգրկելու, ինչպէս նաեւ հրաւիրուած սրբազաններուն՝ մանրամասնութիւնները նախապէս տեղեկացնելու համար։

ՀՀ վարչապետին եւ այլ պաշտօնատար անձերու, մասնագէտներու եւ հաւատացեալներու կողմէ Հայ եկեղեցւոյ վերաբերեալ բազմիցս բարձրացուած հարցերը մնացած են անարձագանգ։ Յատկապէս Ամենայն հայոց կաթողիկոսի գահը գրաւող անձին հասցէին հնչած լուրջ մեղադրանքներուն, անոր հետ հանդիպելու եւ հարցը քննարկելու վարչապետին առաջարկին՝ մինչ օրս որեւէ պատասխան չէ տրուած։

Վերոնշեալ պատճառներով եւ առանց բաւարար նախապատրաստութեան, հիմնաւորուած չէ ու անկարելի է նման ժողովի գումարումը։ Այսպիսի իրավիճակի մէջ կայացուող ապակառուցողական ժողովի կողմէ առնուելիք կանխակալ որոշումները կանոնական չեն եւ չեն կրնար ըլլալ ընդունելի։ Ա՛լ աւելին՝ նման իրավիճակի մէջ Բարենորոգման համակարգող խորհուրդի բարձրաստիճան հոգեւորականներէն ոեւէ մէկը պիտի չմասնակցի Աւստրիոյ մէջ նախատեսուած ժողովին։

Ուստի Խորհուրդին կողմէ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՆՔ. 

ա. Չեղեալ յայտարարելու արտասահմանի մէջ Եպիսկոպոսաց ժողով գումարելու՝ երկպառակութիւն սերմանող այս որոշումը, 

բ. Իրատեսական ճամբաներ գտնելու՝ վերջ տալու կործանարար առճակատման՝ եկեղեցւոյ վերնախաւին եւ պետութեան միջեւ, 

գ. Համատեղելու բոլոր ուժերն ու կարողութիւնները՝ Հայ եկեղեցւոյ շատոնց սպասուած բարենորոգումը կեանքի կոչելու համար, 

դ. Բոլոր եպիսկոպոս հայրերուն՝ հրաժարելու մասնակցելէ այս արկածախնդրութեան, որ կը խախտէ թէ՛ Ս. Էջմիածնի նուիրապետութեան դարաւոր աւանդութիւնը եւ թէ՛ անսասան միաբանութեան սրբազան ուխտը, 

ե. Չ՚ենթարկուելու բարոյահոգեբանական ճնշումներու, չենթարկուելու Մայր Աթոռի վերնախաւին մէջ դեռ գործող ապազգային, օտար ուժերու ծառայող, Հայ եկեղեցին պառակտող եւ հակապետական խմբակին գրգռութիւններուն, 

զ. Հետեւելու դարերու ընթացքին հաստատուած կանոնական կարգին՝ հաւատարիմ մնալով Հայաստանեայց առաքելական մեր Սուրբ եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ ճշմարտութեան ու լոյսի որդիները ըլլալու Յիսուս Քրիստոսի պատգամին։

Այս ամէնուն պատճառը առանց յստակ կանոնադրութեան, կանոնական սկզբունքներէ դուրս միահեծան եւ սխալ կառավարման, տեւապէս բարեփոխումներէ հրաժարելու եւ ճշմարտութեան ձայները լռեցնելու արդիւնք է։ Այլ տեղ մեղաւորներ մի՛ փնտռէք։

“Եւ Իմ անուանս համար բոլորէն պիտի ատուիք, բայց ով մինչեւ վերջ համբերէ, ան պիտի փրկուի” (Մարկոս ԺԳ.13)»,– ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

***

Յիշեցնենք, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի վերջին նիստէն ետք հաղորդուեցաւ, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հրաւէրով՝ Եպիսկոպոսաց ժողովը պիտի գումարուի Փետրուար 16-19-ին Աւստրիոյ Ս. Փէօլթըն քաղաքին մէջ։ Ժողովը ի սկզբանէ նախատեսուած էր 2025 Դեկտեմբեր 10-12, սակայն Մայր Աթոռը յայտարարած էր անոր յետաձգման մասին։ Որոշման հիմքին մէջ, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, «Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակն էր, մասնաւորապէս՝ եկեղեցականներուն նկատմամբ իրականացուող բռնաճնշումներն ու կալանաւորումները»։

Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ եկեղեցականներուն միջեւ յարաբերութիւնները սրած են 2025 թուականի կէսերէն։ Իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան դէմ արտայայտուող քանի մը եկեղեցականներ տարբեր մեղադրանքներով կալանաւորուած են։ Յունուար 4-ին Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ տասը եպիսկոպոսներ «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարենորոգման վերաբերեալ» յայտարարութիւն ստորագրեցին՝ նշելով, թէ հոգեւորականներուն հետ կը կազմեն համակարգող խորհուրդ մը, որուն կը վերապահեն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարենորոգման կազմակերպչական գործառոյթները։