ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Վերանայման կարիք ունեցող խառնաձեւ ընտրական համակարգ մը

NH-logo

Փետրուար 6-8 տե­ղի պի­տի ու­նե­նան ընտրութիւնները Ֆրանսահայ ըն­կե­րակ­ցութիւննե­րը հա­մակար­գող խոր­հուրդի (CCAF) Ան­հատնե­րու ժո­ղովին, որ պի­տի ընդգրկուի երեք Շրջա­նային խոր­հուրդ­նե­րու պատ­գա­մաւոր­նե­րէն կազ­մուած CCAF-ի Ազ­գա­յին խոր­հուր­դին մէջ, ներ­կա­յաց­նե­լով անոր ան­դամնե­րուն 25-էն 33 տո­կոսը։

Ան­հատնե­րու ժո­ղովի ընտրու­թիւննե­րուն հա­մար միայն եր­կու ընտրա­կան ցան­կեր կազ­մուած են՝ առա­ջինը՝ «Հա­մախմբել, կա­ռու­ցել, փո­խան­ցել» խո­րագրին տակ, երկրոր­դը՝ «Միասին՝ Հա­յաս­տա­նի հա­մար»։

«Նոր Յա­ռաջ» ընտրու­թիւննե­րուն մաս­նա­կից եր­կու ցան­կե­րուն ծրա­գր­երը ներ­կա­յացուց 2026 Յու­նուար 3-ի թի­ւին մէջ։ Եւ եր­կու ցանկե­րու պա­տաս­խա­նատու­նե­րուն հար­ցազրոյ­ցի հրա­ւէր ղրկեց. առ այժմ միայն Ֆրան­սուա Տէ­վէճեանի եւ Օրելի Տեյիր­մէնճեանի գլխա­ւորած խումբը ըն­դառաջեց հրա­ւէրին. անոնց հետ հար­ցազրոյ­ցի պատճէ­նը լոյս տեսաւ թերթիս Յու­նուար 17-ի թի­ւին մէջ։

CCAF-ի կա­նոնադ­րութեան բա­րեկար­գումը, որ կը ներ­կա­յացուի իբր ժո­ղովրդա­վարա­կան կա­րեւոր ձեռքբե­րում, կը յա­րու­ցէ էական հար­ցադրում մը նոյնինքն կա­նոնադ­րա­կան գետ­նի վրայ։ CCAF-ի Ազ­գա­յին խոր­հուրդի ընտրու­թեան խառ­նա­ձեւ դրոյ­թը ֆրան­սա­հայ հա­սարա­կու­թեան ներ­կա­յացուցչու­թեան ան­հա­ւասա­րու­թիւն կը ստեղ­ծէ Ազ­գա­յին խոր­հուրդէն ներս։ Ին­չո՞ւ։ Կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ան­դամնե­րը CCAF-ի մէջ կը ներ­կա­յացուին իրենց ընտրեալ ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն կող­մէ, երբ ան­հա­տապէս ալ կ՚ար­ձա­նագ­րուին Ան­հատնե­րու ժո­ղովի ընտրու­թիւննե­րուն ու երկրորդ ան­գամ կը ներ­կա­յացուին։ Սա կը ստեղծէ ան­հա­ւասա­րու­թիւն։ Եւ այս խնդիրը չի վերաբերիր միայն ընտրեալ թեկ­նա­ծու­նե­րուն, այլ Կազ­մա­կեր­պու­թիւննե­րու ժո­ղովի ան­դամ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն բո­լոր ան­դամնե­րուն, որոնք ար­դէն իրենց կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն կող­մէ ներ­կա­յացուած են։ Ժո­ղովրդա­վարա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան սկզբունքի խախ­տում մը կայ այստեղ։ Այս կը նշա­նակէ որ բո­լոր անոնք որոնք նոյ­նիսկ սո­վորա­կան ան­դամ են CCAF-ի կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ժո­ղովին, պէտք չէ իրա­ւունք ու­նե­նան մաս­նակցե­լու Ան­հատնե­րու ժո­ղովի ընտրու­թիւննե­րուն։ Ան­հատնե­րու ժո­ղովի ան­դա­մագ­րութիւ­նը պէտք է բաց ըլ­լայ միայն կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ան­դամ չե­ղող ան­հատնե­րու։

Երկրորդ կա­րեւոր կէ­տը. Ան­հատնե­րու ժո­ղովի ընտրու­թիւննե­րուն մաս­նա­կից եր­կու խմբակ­նե­րուն պարագային ալ յստակ չէ Կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ժո­ղովի պատ­գա­մաւոր­նե­րուն եւ Ան­հատնե­րու ժո­ղովի թեկ­նա­ծու­նե­րուն ներ­կա­յացու­ցած ծրա­գրե­րուն միջեւ սահմանը։ Այստեղ մաս­նա­ւորա­պէս շեշ­տը կը դնենք Ան­հատնե­րու ժո­ղովին եր­կու ցան­կե­րուն ներ­կա­յացու­ցած ծրա­գրե­րուն վրայ, ուր յստակ չէ թէ Ան­հատնե­րու ծրա­գիրը ին­չո՞վ կը տար­բե­րի կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ծրա­գրէն։ Ո՞վ, որո՞ւ եւ ի՞նչ իրա­ւունք կը պաշտպա­նէ, ան­կախ հա­սարա­կաց դա­տերէն ինչպէս՝ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճանաչում, ժխտո­ղակա­նու­թեան, թրքա­կան քա­րոզ­չութեան դէմ պայքար…։ 

Եր­րորդ էական բա­ցը որ կայ, այն է, որ եր­կու մրցա­կից ցանկե­րու ծրա­գրե­րը ոչինչ ունին նիւ­թա­կանի չա­փու­մի. գո­յու­թիւն չու­նի ծրա­գրե­րու պիւտճէի գնա­հատում։ Որ­քա՞ն կ՚ար­ժեն այն ծրա­գրե­րը, զորս պէտք է իրա­կանաց­նել, ո՞վ պի­տի գան­ձատրէ, եւ ի՞նչ մի­ջոց­նե­րով։ 

Կայ նաեւ չոր­րորդ գլխա­ւոր հարց մը, որ կը վե­րաբե­րի ֆրան­սա­հայ հա­մայնքի իւ­րա­յատ­կութեան, լի­նելու­թեան. որո՞նք են այն ար­ժէքնե­րը զորս պէտք է պաշ­տա­նել եւ զար­գա­ցնել,– եւ ինչպէ՞ս,– օրինակի համար՝ երկմշա­կու­թայնու­թիւնը, երկլեզ­ւութիւնը, ինչպէ՞ս կը պատ­կերացուի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պա­նման եւ փո­խան­ցման, նոր ղե­կավար­նե­րու պատ­րաստութեան, իգա­կան սե­ռի ներ­գրա­ւման խնդիրներու լուծու­մը…։ Այս երե­ւոյ­թը շեշ­­տո­ւած կեր­­պով ան­­տե­­­սուած է «Միասին՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­մար» ցա­ն­կին խո­­րագ­րին ընտրու­­թեան մէջ իսկ։ Ըլ­­լալ միասին Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­մար հասկնա­­լի է, իսկ ի՞նչ ընել ֆրան­­սա­­­հայու­­թեան հա­մար։ Ֆրան­սա­հայու­թիւնը միայն Հա­յաս­տա­նի՞ հա­մար պէտք է ըլլայ միասին։ 

Ժ.Չ. ■