ՏԵՍԱԿԷՏ – CCAF-ի Փերեսթրոյքան

Ալեքսանդր Գույումճեան

Ալեքսանդր Արմէն ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Չափազանց մեղմ ուժգնութեամբ ժողովրդավարութեան հով մը կ՚աւետուի CCAF-ի (Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդ) փակ կառոյցներուն վրայ։ Տեղեակ չէի՞ք։ Բնական է, քանի որ ամէն ինչ կատարուեցաւ, որպէսզի այս իրադարձութիւնը դառնայ ոչ-իրադարձութիւն։ Եւ Լուքինօ Վիսքոնթիի «Ընձառիւծը» ժապաւէնէն Թանքրետի խօսքը վերաձեւակերպելով՝ «ամէն ինչ պէտք է փոխել, որպէսզի ոչինչ փոխուի»։

2026 Փետրուար 6-8, Ֆրանսայի իւրաքանչիւր քաղաքացի, հայկական ծագումով կամ ոչ, պայմանաւ որ կ՚ընդունի անոր կանոնադրութիւնը, պիտի կարենայ ընտրել CCAF-ի Ազգային խորհուրդի պատգամաւորներուն մէկ քառորդը, որ արդէն իսկ առատօրէն բաղկացած է երեք շրջանային CCAF-ներէն (Փարիզ, Լիոն, Մարսիլիա) եկած երեսուն ներկայացուցիչներէ՝ իւրաքանչիւր շրջանէն տասնական հոգիի հաշուարկով։

Ընտրողները, որքան ալ բազմաթիւ ըլլան, հետեւաբար պիտի չունենան վերջին խօսքը, առնուազն՝ տեսականօրէն, քանի որ պիտի ներկայացուին առաւելագոյնը տասը պատգամաւորներով՝ քառասուն հոգինոց Ազգային խորհուրդի մը մէջ։

Այսպէս չէր պարագան նախորդ ծրագրի մը, որ ներկայացուած էր աւելի քան տասը տարի առաջ եւ կը յաւակնէր ընտրողներու քուէին ենթարկել CCAF-ի Ազգային խորհուրդի բոլոր պատգամաւորները։ Վաւերացուած ըլլալով Փարիզի եւ Լիոնի շրջաններուն կողմէ՝ այս բարեփոխումը ի վերջոյ ձախողած էր Մարսիլիոյ քուէարկութեան պատճառով, որ աւարտած էր «հաւասար հաշուով»՝ տասը միութիւն թեր, նոյնքան ալ՝ դէմ։

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն մօտենալը պատրուակ ծառայեց յետաձգելու այդ բարեփոխումը, որ վերջնականապէս թաղուեցաւ 2015-էն ետք։ «Այլեւս ատենը չէ», ըսուած էր ինծի այն ատեն։ Գիտնանք ուրեմն ըլլալ խոհեմ եւ գոհանալ քիչով։

Այնուամենայնիւ, մեր իրաւունքն էր ակնկալել անկեղծ եւ արդար ընտրարշաւ մը, բաւարար չափով լուսաբանուած՝ այս ազգային պատգամաւորներուն տրուած լիազօրութիւններուն ճշգրիտ բնոյթին ու իրական տարողութեան մասին, ապա նաեւ նախապատրաստութեան բաւարար պայմանաժամ մը՝ թոյլ տալու համար իւրաքանչիւրին խորհրդածելու այդ մասին, իսկ հաւանական թեկնածուներուն՝ հասունցնելու իրենց ծրագրային առաջարկները եւ կազմելու իրենց ընտրացանկերը։ Գործ մը յանպատրաստից չի կրնար ըլլար, եթէ կ՚ուզենք, որ լրջօրէն կատարուի։

Կը յուսայինք, առնուազն, աշխուժ քարոզարշաւ մը, հարուստ՝ գաղափարներով, ուր պիտի արծարծուէին այս ընտրութեան հեռանկարային մարտահրաւէրները, ուր պիտի առերեսուէին թեկնածուներու վերլուծումներն ու տեսակէտները եւ ճշմարտութեան քանի մը պահեր պիտի պարգեւուէր մեզի մրցակիցներու անհատականութեան մասին՝ անոնց ծրագրային ցանկերէն եւ յաճախ սին բանաձեւումներէն անդին։

Աւա՜ղ, այդ բոլորէն ոչ մէկը տեղի պիտի ունենայ։ 2025 Նոյեմբերի վերջաւորութեան յայտարարուած ընտրական օրացոյցը շփոթեց արագութիւնն ու աճապարանքը, Դեկտեմբեր 31-ին իսկ փակելով ցանկ ներկայացնելու, իսկ յաջորդող Յունուար 31-ին՝ Անհատներու ժողովին համար որպէս ընտրող արձանագրուելու իրաւունքները։ Արագ կատարուած, արագ փաթթուած՝ այսքան սպասուած ընտրութիւնը ուրեմն առաւ երեսանց բարեփոխումի մը ձեւը, դառնալով ժողովրդավարութեան միայն նախահամ մը, որ արդէն իսկ կը վերածուի «Գանատա-Տրայ»-ի (կեղծ ու խաբուսիկ ըմպելիի)։

Յայտարարուած ըլլալով՝ մինչ այդ բացառապէս միութիւններէ բաղկացած CCAF-ի մը կողմէ դէպի «քաղաքացիական հասարակութիւն» բացուելու քայլ, այս ընտրութիւնները առիթ պէտք է հանդիսանային «համայնքային» կոչուած ատեաններուն մէջ ներգրաւելու նոր անհատականութիւններ եւ տաղանդներ, որոնց հմտութիւններն ու մտքի անկախութիւնը կրնային օգտակար դառնալ, բայց որոնք մինչ այդ դուրս մնացած էին CCAF-ի ղեկավարներու խիստ փակ շրջանակէն։

Բացումի, նորոգութեան եւ անկախութեան այս ոգին է, զոր կը մարմնաւորէ Ֆրանսուա Տէվէճեանի եւ Օրելի Տեյիրմէնճեանի գլխաւորած ցանկը, որ նաեւ արժանիքն ունի,– եւ ոչ նուազ կարեւորը,– յանձնառու ըլլալու՝ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը յարգելու եւ կոչ ընելու CCAF-ի յարաբերութիւնները առողջ հիմքերու վրայ դնելու հայկական պետութեան հետ։

Սա ակնյայտօրէն «չափը անցընել» էր յաչս պաշտօնաւարտ ղեկավարութեան, որ ինքզինք պարտաւոր զգաց,– վերջին պահուն՝ Դեկտեմբերի վերջ,– ներկայացնելու ցանկ մը՝ գլխաւորութեամբ իր երկու համանախագահներուն՝ Արա Թորանեանի եւ Մուրատ Փափազեանի, որոնք սակայն արդէն իսկ CCAF-ի ազգային պատգամաւորներ են՝ ներկայացնելով NAM-ը եւ ՀՅԴ-ն, ինչպէս որ անոնց երրորդ ցանկակիցը՝ Նատիա Գործունեան ալ կը ներկայացնէ ՀԲԸՄ-ը։

Այս կազմը, որ աւա՜ղ այլեւս նոր ոչինչ ունի, քանի որ ինքն իրեն սահմանած է իբր առաքելութիւն՝ մարմնաւորել իրենց հասարակաց ու միագիծ մտածողութիւնը, այնուամենայնիւ գործեց եռակի սխալ։

Նախ՝ բարոյական, քանի որ այս ցանկը ճիշդ հակապատկերն է քաղաքացիական հասարակութեան բացուելու ոգիին, որ պէտք է ըլլար բուն իսկ էութիւնը այս քուէարկութեան։ Խափանելու համար ընդլայնման ցանկ մը, որ բաղկացած է անկախ անձերէ եւ մարմնաւորուած՝ Ֆրանսուա Տէվէճեանի եւ Օրելի Տեյիրմէնճեանի կողմէ, CCAF-ի ղեկավարները ինքնասիրահարութեամբ (narcissisme) ներկայացուցին բացումի ցանկ մը (liste d’ouverture), որ մինչդեռ կը բացուի իրե՛նց իսկ վրայ։

Յետոյ՝ իրաւական սխալը, քանի որ կը թուի, թէ Ազգային խորհուրդի պատգամաւորի իրենց հանգամանքով,– որ վերանորոգուած էր 2025 Փետրուար 4-ին Փարիզի շրջանի CCAF-ի ընդհանուր ժողովին,– Արա Թորանեան, Մուրատ Փափազեան եւ Նատիա Գործունեան իրաւունք չունէին դարձեալ թեկնածու ըլլալու պաշտօնի մը, զոր արդէն իսկ կը վարեն, այս անգամ՝ Անհատներու ժողովին մէջ։ Ուստի, անհամբեր պիտի սպասենք անկախ ընտրական յանձնաժողովին կարծիքին՝ կանոնադրութեան 7.1 յօդուածի այս խախտումին վերաբերեալ (*)։

Վերջապէս՝ քաղաքական սխալ, քանի որ այս երեւոյթը կը խեղաթիւրէ ընտրութեան իմաստն ու կը սաստկացնէ CCAF-ի վարկաբեկումը, մանաւանդ երբ ամէն գնով իշխանութեան կառչած ղեկավարութիւնը կը փորձէ պարտադրել իր քաղաքական գիծը Հայաստանի նկատմամբ։ Փարիզէն նիւթուած այս հնարքներով՝ անոնք կը ջատագովեն նախկին վարչակազմի վերադարձը, այդպէսով արհամարհելով թէ՛ ֆրանսահայութեան կամքը եւ թէ՛ հայ ժողովուրդի ինքնիշխան ընտրութիւնը։

Պէ՞տք է արդեօք լուի մը համար վերմակը վառել եւ աշխուժօրէն պոյքոթի ենթարկել այս ընտրութիւնները, ինչպէս շատեր կ՚առաջարկեն ընել եւ արդէն կ՚ընեն։ Կամ միանալ,– ինչ որ նոյն արդիւնքին կը յանգեցնէ, բայց աւելի տխուր ձեւով,– անտարբերներու շարքին, որոնք այլեւս չեն ուզեր լսել CCAF-ի մասին, այնքան խզուած է վստահութիւնը, եւ յուսախաբութիւնը՝ խոր։

1985-ին Խորհրդային Միութեան համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար ընտրուելով, եւ հաստատելով իր երկրին անկումը, ծրագրուած համակարգին անարդիւնաւէտութիւնը եւ վստահութեան կորուստը անոր փտած ղեկավարներուն հանդէպ, Միխայէլ Կորպաչով նախաձեռնած էր Փերեսթրոյքային եւ Կլասնոսթին՝ տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական ազատականացման «վերահսկուած բարեփոխումներու» ամբողջութեան մը, որ սակայն պէտք չէր հարցականի տակ դնէր Համայնավար կուսակցութեան բռնապետութիւնը։ Շարունակութիւնը գիտենք, եւ այդ ազատականացումը միայն արագացուց ամբողջովին զօրութենական (virtuel) եւ ամէն իրականութենէ կտրուած համակարգի մը փլուզումը։

Իսկ եթէ 2026 Փետրուար 6-8-ի ընտրութիւնները ի վերջոյ դառնային CCAF-ի Փերեսթրոյքա՞ն եւ մեզի տային յուսալու քանի մը պատճառ։

Իսկ եթէ հակառակ ամէն ինչի, քուէարկութեան թափը դուրս գար վերահսկողութենէ եւ ծնունդ տար  համայնքային նախնական ու հինցած կառոյցի մը վերաձուլման, որ այլեւս ներկայացուցչական ոչինչ ունի։

Իսկ եթէ այս ընտրութիւնները առիթ ըլլային՝ ազդու կերպով հարցականի տակ առնելու համանախագահներուն օրինակարգութիւնը (légitimité). ի՞նչ իրաւունքով անոնք կը խօսին ֆրանսահայութեան անունով՝ պարտադրելու համար քաղաքական գիծ մը, որ բացայայտօրէն թշնամական է Երեւանի օրինաւոր իշխանութիւններուն հանդէպ։

Իսկ եթէ սա առիթը ըլլար վերջ տալու CCAF-ի անընդունելի շեղումներուն, որ իրեն իրաւունք կը վերապահէ նսեմացնելու Ֆրանսան՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան սատարելուն, եւ ամբաստանելու Հայաստանը՝ Ռուսաստանին չհպատակելուն համար։

Ի վերջոյ, յառաջիկայ Փետրուար 6-ին պիտի քուէարկեմ, սնուցանելով՝ Թանքրետի սխալիլը ապացուցելու յոյսը։ 

Ֆրանսերէնէ թարգմանութիւնը՝ «ՆՅ»

______

(*) «ՆՅ» — Այս գրութեան ստորագրուած թուականէն (2026 Յունուար 25) ետք, CCAF-ի Ընտրական յանձնաժողովը 2026 Յունուար 30-ին հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը՝ պարզաբանելու համար «Անհատներու/Անդամներու ժողով»-ին (Collège des Particuliers/Adhérents) մէջ առաջադրուած թեկնածուներուն իրաւասութեան հարցը։

Ըստ այդ հաղորդագրութեան՝ Յանձնաժողովը վաւերացուցած է թեկնածուներու ցանկերը՝ հաստատելով, որ անոնք կը համապատասխանեն կանոնադրութեան։

Բայց, բնականաբար սա նշելով՝ մենք մեզ ի զօրու չենք համարեր յայտարարելու, թէ յօդածագրին (մասնագիտութեամբ փաստաբան) կասկածները անտեղի են այս ուղղութեամբ։