Հայաստանի արտաքին հետախուզութեան՝ 2026−ի սպառնալիքներու զեկոյցը

NH-logo

Վերջին տա­­րինե­­րուն Հա­­յաս­­տա­­­նի անվտան­­գութեան երաշխաւորման մե­­ծագոյն ձեռքբե­­րումնե­­րէն եղած է Ար­­տա­­­քին հե­­տախու­­զութեան ծա­­ռա­յու­­թեան (ԱՀԾ) ստեղ­­ծումը, որ 2025 Դեկտեմբեր 31-ին լրա­­ցուց իր գոր­­ծու­նէու­­թեան 3-րդ տա­­րին։ Նախ­­քան այդ, Հա­­յաս­­տա­­­նի հե­­տախու­­զութիւ­­նը ուղղա­­կի կա­­խեալ էր Ռու­­սաստա­­նի հե­­տախու­­զա­­­կան ծա­­ռայու­­թե­­­նէն, որուն բաց­­թո­­­ղումնե­­րը 2020-ի պա­­տերազ­­մին առա­­ջին ժա­­մերուն հայ­­կա­­­կան բա­­նակին զգա­­լի կո­­րուստնե­­րուն պատ­­ճառ դար­­ձան։ 

Որ­­քան որ զի­­նամ­­թերքը, զի­­նուո­­րա­կան­­նե­­­րու պատ­­րաստու­­թիւնը ան­հրա­­ժեշտ են, ինչպէս նաեւ՝ տնտե­­սու­­թիւնը, հա­­սարա­­կական ամուր կար­­գե­­­րը, նոյնքան եւ աւե­­լի անհրաժեշտ է ԱՀԾ-ն, յա­­տուկ պատ­­րաստու­­թիւն ու կրթու­­թիւն ստա­­ցած եւ ար­­դիական տե­­ղեկա­­տուա­­կան գոր­­ծիքնե­­րուն հմուտ խումբ մը մար­­դոց ծա­­ռայու­­թիւնը, որ կը տի­­րապե­­տէ բաց ու գաղտնի բա­­զում տե­­ղեկու­­թիւննե­­րու, եւ որուն պար­­տա­­­կանու­­թիւնն է դի­­տար­­կել, վեր­­լուծել, կան­­խա­­­տեսել բո­­լոր այն տե­­սանե­­լի ու թա­­քուն վտանգնե­­րը որոնց են­­թա­­­կայ է պե­­տու­­թիւնը։ 

Ինչպէս աւան­­դութիւն է զարգացած պե­­տու­­թիւննե­­րու պա­­րագա­­յին՝ տա­­րեկան տե­­ղեկատ­­ւութիւ­­նով հան­­րութիւնը իրա­­զեկ դարձնե­­լը երկրի անվտան­­գութեան սպառ­­նացող վտանգնե­­րուն մա­­սին, ԱՀԾ-ն եւս վեր­­ջերս հրա­­պարա­­կեց իր 2-րդ՝ 2026-ի տա­­րեկան զե­­կոյ­­ցը, որու նա­­խաբա­­նին մէջ սոյն ծա­­ռայու­­թեան տնօ­­րէնը՝ Քրիս­­տի­­­նէ Գրի­­գորեան կը նշէ. «Կը կար­­ծեմ թէ աւե­­լորդ է հիմ­­նա­­­ւորել, որ արագ փո­­խուող աշ­­խարհա­­կար­­գին, ան­­կա­­­յուն եւ հա­­կամար­­տութիւննե­­րով լե­­ցուն մի­­ջազ­­գա­­­յին իրա­­վիճա­­կին, տնտե­­սական, մա­­տա­կա­­րարա­­կան (լոգիստիկ) ու ա­­­րհես­տա­գի­­տա­կան խե­­լագար մրցա­­վազ­­քին, ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թեան ու արհեստագիտական նո­­րամու­­ծու­թիւն­նե­­րուն բե­­րած մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րու պայ­­ման­նե­­րուն մէջ՝ կեն­­սա­­­կան է կան­­խա­­­տե­սել, կան­­խարգիլել, հա­­կազդել ու խա­­փանել մեր պե­­տու­­թեան սպառ­­նա­­­ցող վտանգնե­­րը, պաշտպա­­նել ու ամ­­րապնդել Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան պե­­տակա­­նու­­թիւնը, ան­­կա­­­խու­­թիւնը եւ ինքնիշ­­խա­­­նու­­թիւնը, բայց նաեւ տես­­նել այն մար­­տա­­­վարա­­կան ու ռազ­­մա­­­վարա­­կան հնա­­րաւո­­րու­­թիւն­նե­­րը, որոնց օգ­­տա­­­գոր­­ծումը վճռա­­կան պի­­տի ըլ­­լայ մեր պե­­տու­­թեան զար­­գաց­ման ու յա­­րատե­­ւու­­թեան հա­­մար»։

Զե­­կոյ­­ցը ամ­­փոփ կեր­­պով կը նշէ Հա­­յաս­­տա­­­նէն դի­­տուած բո­­լոր հա­­կա­մար­­տութիւննե­­րը, որոնք հե­­ռուէն կամ մօ­­տէն ազ­­դե­­­ցու­­թիւն ու­­նին Հա­­յաս­­տա­­­նի անվտան­­գութեան վրայ։ Սա­­կայն, բնա­­կանա­­բար յա­­տուկ ու­­շադրու­­թիւն կը դարձնէ ընտրու­­թիւննե­­րու ժա­­մանա­­կաշրջա­­նի անվտան­­գութեան պա­­րա­գա­­ներուն, որոնք բազ­­մա­­­թիւ են եւ ար­­դէն մի­­ջազ­­գա­­­յին փոր­­ձը ցոյց կու տայ բո­­լոր այն մի­­ջամ­­տութիւննե­­րը, որոնց են­­թարկուած են փոքր պե­­տու­­թիւննե­­րը, որոնք մաս­­նա­­­ւորա­­պէս արեւ­­մուտքի եւ արե­­ւելեան այլ մեծ պե­­տու­­թիւննե­­րու վե­­րահսկո­­ղու­­թեան սահ­­մա­­­նագ­­ծին վրայ են կամ վար­­չա­­­կար­­գի փո­­փոխու­­թեան փոր­­ձութեան են­­թա­­­կայ, ինչպէս Վրաս­­տանը, Ուքրաինան, Մոլ­­տաւիան եւ… Հա­­յաս­­տանը։ Առա­­ջին գլխա­­ւոր վտան­­գը որուն են­­թա­­­կայ է Հա­­յաս­­տան Ազեր­­պայճա­­նի ռազ­­մա­­­կան յար­­ձա­­­կումն է, որ 2020-ի պար­­տութե­­նէն ի վեր դա­­մոկ­­լեան սու­­րի նման կա­­խուած է երկրին գլխուն։ Այս ճա­­կատին վրայ ԱՀԾ-ն պա­­տերազ­­մի վտան­­գը կը գնա­­հատէ «գրե­­թէ ան­­հա­­­ւանա­­կան», մաս­­նա­­­ւորա­­պէս Ուա­­շինկթընի մէջ, խաղաղութեան պայմանագրին նա­­խաս­­տո­­­րագ­­րումէն ետք։ 

2026-ի զե­­կոյ­­ցի հիմ­­նա­­­կան հե­­տեւու­­թիւննե­­րու էջին վրայ ու­­շադրու­­թեան ար­­ժա­­­նի է «Տնտե­­սական եւ են­­թա­­­կառու­­ցա­­­յին վտանգներ ու հնա­­րաւո­­րու­­թիւններ» բա­­ժինը, ուր կը նշուի. «Մեր տա­­րածաշրջա­­նի տնտե­­սական, են­­թա­­­կառու­­ցա­­­յին, առեւտրա­­յին նոր նա­խաձեռ­նութիւննե­րը 2026 թուակա­նին շա­րու­նա­կաբար պի­տի մնան տա­րածաշրջա­նին մէջ այլ շա­հեր հե­տապնդող տար­բեր դե­րակա­տար­նե­րու թի­րախին»։ Իսկ երկրորդ մե­ծագոյն վտան­գը՝ «Հա­յաս­տա­նի հիպ­րի­տային սպառ­նա­լիք­նե­րը» գլուխին տակ տեղ գտածներն են, որոնց առնչու­թեամբ զե­կոյ­ցը կը նշէ. «2026-ի ընտրու­թիւննե­րով պայ­մա­նաւո­րուած՝ Հա­յաս­տա­նի դէմ ար­տա­քին տարբեր դերակատարներու կողմէ իրա­կանա­ցուող ազ­դե­ցու­թեան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը, մեծ հա­ւանա­կա­նու­թեամբ, պի­տի դառ­նան աւե­լի ընդ­գրկուն, բարդ եւ ծաւալուն։ Հա­ւա­նա­կան է կեղծ, խե­ղաթիւ­րուած կամ հա­մածիրէն կտրուած տե­ղե­կա­տւու­թեան օգ­տա­գոր­ծումով տե­ղե­կա­տուա­կան վնա­սակար գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու, վնա­սակար առցանց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու իրա­կանա­ցու­մը…»։ Ռու­սա­կան գոր­ծօ­նի ակ­նարկը ակ­նե­րեւ է

 Ժ.Չ. ■