Հայ-ամերիկեան «DeepSat» ընկերութիւնը ընտրուած է ԱՄՆ-ու «Ոսկէ գմբէթ» հրթիռային պաշտպանութեան ծրագրի գլխաւոր կապալառու
Հայ-ամերիկեան «DeepSat» նորաստեղծ ընկերութիւնը (startup) ընտրուած է Փենթակոնի պայմանագրային խումբի գլխաւոր կապալառու։ Այս ծրագիրը կը միտի արագօրէն զարգացնել եւ մատակարարել ԱՄՆ-ու հրթիռային պաշտպանութեան յաջորդ սերունդի կարողութիւնները։ «DeepSat»-ը ընտրուած է Հրթիռային պաշտպանութեան գործակալութեան «SHIELD» (Scalable Homeland Innovative Enterprise Layered Defense) ծրագրի շրջանակէն ներս, որուն ընդհանուր պիւտճէն կը հասնի մինչեւ 151 միլիառ տոլարի։
«SHIELD»-ը առանցքային դեր կը խաղայ Փենթակոնի «Ոսկէ գմբէթ» (Golden Dome) հրթիռային պաշտպանութեան ջանքերուն մէջ։ Սա ԱՄՆ-ու մեծագոյն նախաձեռնութիւններէն է, որ կեդրոնացած է երկրի պաշտպանութեան ամրապնդման վրայ՝ օգտագործելով բազմաշերտ եւ յաջորդ սերունդի արհեստագիտութիւններ, ներառեալ՝ տիեզերական եւ յառաջադէմ համարկուած պաշտպանական համակարգեր։ Հանրային քննարկումներու ընթացքին այս ջանքերը յաճախ կը համեմատուին Իսրայէլի «Երկաթէ գմբէթ»-ին (Iron Dome) հետ։