Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Սփիւռքի տարի»-ին առիթով առցանց քննարկում Արամ Ա. կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 2022-ը «Սփիւռքի տարի» հռչակելուն առիթով, Մարտ 17-ին տեղի ունեցած է առաջին առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը։

Առցանց նիստին նախագահած է Արամ Ա. կաթողիկոս։ Մասնակցած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ Խաչիկ Թէօլէօլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Սալբի Ղազարեան, Ֆրանսայէն՝ Յովէլ Շնորհօքեան, Տիգրան Եկաւեան, Անգլիայէն՝ Հրաչ Գույումճեան, Լիբանանէն՝ Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան։ Կամքէ անկախ պատճառներով նիստին չեն կրցած մասնակցիլ Հարաւային Ամերիկայէն՝ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան եւ Անգլիայէն՝ Հրաչ Չիլինկիրեան։

Վեհափառ հայրապետը բացատրած է «Սփիւռքի տարի» հռչակելուն շարժառիթները, ընդգծած՝ դասական, նոր ձեւաւորուող եւ յարափոփոխ սփիւռքեան միջավայրերու իրավիճակներուն իւրայատկութիւնները, տարբեր բնագաւառներու մէջ գործող աւանդական կառոյցներու դիմագրաւած դժուարութիւնները, եւ այս բոլորին մէջ ինքնութեան վերաբերող հիմնական հարցերը եւ յատկապէս Սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդութեան համայնապատկերը։

Վեհափառ հայրապետի նախաբանին յաջորդած է իւրաքանչիւր մասնակիցի կողմէ ներկայացուած խորհրդածութիւններ։

Ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուած են՝

ա) Համեմատական սփիւռքագիտութեան օգտագործումը։

բ) Ինքնութեան խնդիրներու քննարկման տարբեր միջոցներու որդեգրումը։

գ) Անտեսանելի (մեր կառոյցներէն հեռու) Սփիւռքին հասանելիութեան ձեւերու որոնումը։

դ) Սփիւռքեան հարցերու ոլորտային մասնագիտական քննարկումներու ձեւաչափերու ճշդումը։

ե) Ըստ միջավայրի եւ իւրայատկութիւններու՝ ներգրաւման տարբեր ռազմավարութիւններու մշակումը։

զ) Ցանցային դրուածքի լիարժէք օգտագործման կարելիութիւններու ուսումնասիրութիւնը։

է) Ելեկտրոնային, համացանցային տարածքներու վրայ համախմբումներու յառաջացումը։

ը) Սփիւռքի մարդուժի եւ կարողականութեան ցանկագրումի եւ հաւաքագրումի աշխատանքի ձեռնարկելը։

թ) Երիտասարդութեան ուղղութեամբ թիրախային ծրագրեր մշակելը։

ժ) Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման համար նոր հայեցակարգերու պատրաստութիւնը։

Լուսարձակի տակ բերուած է երիտասարդութեան դերը եւ այդ ուղղութեամբ որոշուած է երիտասարդութեան հետ յատուկ աշխատանք տանիլ, նկատի ունենալով անոր առանցքային դերը Սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացին մէջ։

Վեհափառ Հայրապետը ընդգծած է, թէ նոր աշխարհագրութիւն նուաճող եւ նոր տարածականութիւն ձեւաւորող Սփիւռքի վերաիմաստաւորման, վերաշխուժացման եւ վերակենսունակացման հրամայականին ընդառաջ աշխատիլը հայաստանանպատակ շարժառիթ եւ մղում պիտի ունենայ։

Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ նշած է, որ պիտի շարունակուին խորհրդակցական նման նիստերը, որոնց ընթացքին արծարծուած մտածումներն ու եզրայանգումները պիտի նպաստեն «Սփիւռքի տարի»-ն արդիւնաւէտ եւ գործնական միջոցներով յատկանշելու նպատակին իրագործման։