ՓԱՐԻԶ – Համագումար Ազգային ժողովին մէջ.
Ֆրանքեւհայկական գործընկերութեան նոր մարտահրաւէրները
Չորեքշաբթի, Մարտ 11-ին, Ազգային ժողովի Գոլպէռ սրահը հիւրընկալեց ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունեցող համագումար-վիճարկում մը, կազմակերպուած «Անկախներ» (Les Indépendants) խմբաւորումի նախաձեռնութեամբ։
«Ֆրանսա-Հայաստան. պատմական գործընկերութեան մը նոր մարտահրաւէրները» բնաբանին տակ կայացած այս հանդիպումը համախմբեց առաջնակարգ փորձագէտներու խմբակ մը՝ վերլուծելու համար այս երկկողմանի յարաբերութեան փոփոխութիւններն ու հեռանկարները, բաղկացած՝ Ուիլիամ Էլ-Սայէտէն (MISTRAL AI), Կիյոմ Անսելէն (ցամաքային զօրքերու նախկին սպայ) եւ Միւրիէլ Տոմենաքէն (ՕԹԱՆ-ի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպան), որոնց հետ զրոյցը համապատասխանաբար վարեցին Ալպէր Գրիգորեան, Թալին Փափազեան եւ Կայծ Մինասեան։


Զրոյցները կեդրոնացան երեք կենսական առանցքներու շուրջ.
– տնտեսութեան եւ արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ նոր կարելիութիւններ,
– Հայաստանի եւրոպական շրջադարձին հետ կապուած դիւանագիտական խնդիրներ,
– եւ վերջապէս, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հրամայականներ՝ ռազմական բարեփոխումներու ժամանակաշրջանին։
Այս բարձր մակարդակի ձեռնարկը համակարգողն էր Փարիզի փաստաբաններու պալատի անդամ, իրաւաբան Ալեքսանտր Գույումճեան։
Այս հանդիպումին առիթով, ան ուզեց ճշգրիտ եւ յստակատես պատկեր մը գծել ներկայ աշխարհաքաղաքական կացութեան մասին։ Ըլլալով այս գիտաժողովին ընթացքին արծարծուած հարցերու իսկական խտացում մը, անոր բացման խօսքը հայկական ուղեծիրի վարպետօրէն կատարուած համադրում մը կը ներկայացնէ։ Ստորեւ՝ անոր ելոյթին էութիւնը.
Դիմելով դիւանագէտներէ եւ խորհրդարանականներէ բաղկացած լսարանին՝ իրաւաբան Ալեքսանտր Գույումճեան ի սկզբանէ յիշեցուց, որ Հայաստանը շատ ծանր փորձութիւններէ անցած է։ Ծանր հարուածներ ստացած ըլլալով Լեռնային Ղարաբաղի յաջորդական ողբերգութիւններով, սպառնալիքի տակ գտնուելով իր հարաւային սահմաններուն վրայ եւ հանդիսատեսը ըլլալով տարածաշրջանի բռնի վերաձեւաւորման, հայ ազգը կրնար կործանիլ։ Սակայն, իր ռուս պատմական դաշնակիցի երկերեսանիութեան դիմաց, Երեւան իր մեկուսացումին մէջ գտաւ ուժը՝ գերիշխանութիւնը ընտրելու յանդուգն որոշումին։ Ազատագրման այս որոնումին մէջ Ֆրանսա առաջամարտիկի դեր խաղաց՝ ռազմականօրէն եւ դիւանագիտօրէն զօրավիգ կանգնելով երկրին, որուն արագօրէն միացաւ Միացեալ Նահանգները, որուն յաջորդական ճիգերը թոյլ տուին հեռացնել Սիւնիքի ռազմավարական մարզին վրայ նոր ազերպայճանական յարձակումի մը ուրուականը։

Հեռու ըլլալով պարզապէս գոյատեւելով գոհանալէ՝ Հայաստանն այսօր կը դարմանէ իր վէրքերը՝ ապաւինելով շլացուցիչ տնտեսական զարգացման վրայ։ Դառնալով Կովկասի իսկական «Սիլիքոն Վէլի»-ն (Silicon Valley)՝ ան կը ներգրաւէ արհեստագիտութեան համաշխարհային հսկաները եւ կը բազմապատկէ ապագայի գործընկերութիւնները, ինչպէս՝ Ուաշինկթընի հետ ստորագրուած յուշագիրերը կամ ֆրանսական պարծանք հանդիսացող Mistral AI ընկերութեան հետ կնքուած պատմական համաձայնագիրը՝ իր վարչական համակարգը արդիականացնելու համար։ Հայաստանի ներգրաւումը տարանցիկ լայնածաւալ ցանցերու մէջ, որ կը խորհրդանշուի ամերիկա-հայկական «TRIPP» ճանապարհի ապագայ նախագիծով, կը հաստատէ այս վերածնունդը, որուն նպատակն է, ի վերջոյ, նուազեցնել անոր կախուածութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութենէն։
Անկախութեան այս բուռն կամքը նոյնքան վճռականօրէն կը դրսեւորուի ռազմական գետնի վրայ։ Արձանագրելով իր նախկին դաշնակիցներուն թերացումը՝ Հայաստան սառեցուց իր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին (OTSC)՝ ամբողջութեամբ վերասահմանելու համար իր անվտանգային հայեցակարգը։ Ան այժմ կ՚արտադրէ իր սեփական սարքաւորումներուն մէկ երրորդը եւ կը յենի նոր ռազմավարական գործընկերներու վրայ, որոնց առաջին շարքին կը գտնուի Ֆրանսան։ Գերարդիական սարքաւորումներու մատակարարումը, ինչպէս օրինակ՝ Caesar թնդանօթները, եւ հայկական զօրքերու մարզումը ֆրանսացի զինուորականներու կողմէ, կը վկայեն ռազմական գերիշխանութեան կամքին մասին։
Եւ վերջապէս, իրաւաբան Գույումճեան ընդգծեց, որ դէպի Եւրոպա այս պատմական շրջադարձը եւ անցեալի ծանրութենէն այս անհրաժեշտ ձերբազատումը, ներառեալ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու իրապաշտական մօտեցումը, կը կազմեն ազատութեան գինը։ Ճիշդ այս կենսական թափին ընկերակցելու եւ աջակցելու համար է, որ ծնունդ առած է «Անկախներ»-ու խմբաւորումը։ Համախմբելով տարբեր հորիզոններէ եկած հայկական ծագումով ֆրանսացի քաղաքացիներ՝ այս հաւաքականութիւնը, որ հեղինակն է 2024-ի Հայաստանի գերիշխանութեան յայտարարագիրին, կը պայքարի, որպէսզի երկիրը օժտուի հզօրութեան շօշափելի լծակներով։ Անոնց համար հրատապութիւնը բացարձակ է. գերիշխան իրաւական պետութեան կառուցումէն բացի ոչ մէկ այլընտրանք գոյութիւն ունի՝ իր պատմական հողին վրայ հայ ազգին անվտանգութիւնը, զարգացումն ու ապագան երաշխաւորելու համար։
ՇԱՆԹ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ
Ձեռնարկը, որ կը վայելէր, ի միջի այլոց, երեսփոխան Ասթրիտ Փանոսեան-Պուվիէի ներկայութիւնը, շարունակուեցաւ իրաւաբան Ալեքսանտր Գույումճեանի՝ իր բացման խօսքին մէջ յայտարարած երեք տարբեր բնաբաններու նուիրուած կլոր սեղաններով։
Տնտեսութիւն եւ արհեստագիտութիւն. Հայաստանի նոր դիմագիծը
Առաջին կլոր սեղանը ուրուագծեց տնտեսական լիակատար փոխակերպման մէջ գտնուող երկրի մը պատկերը։ Engie ընկերութեան՝ Ռուսաստանի եւ Ուքրաինայի նախկին տնօրէն Ալպէր Գրիգորեան յիշեցուց, թէ ինչպէս 2018-ին տեղի ունեցած մտայնութեան փոփոխութիւնը առողջացուց գործարար միջավայրը։ 2025-ի արդիւնքները պերճախօս են. իւրաքանչիւր քաղաքացիի բաժին ինկող համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ / PIB) շլացուցիչ վերելք արձանագրած է՝ 1990-ի 1 050 տոլարէն հասնելով 4 600 տոլարի 2018-ին, իսկ 2025-ին հասնելով 9 474 տոլարի (շատ աւելի առաջ անցնելով Մարոքի եւ Թունուզի նման երկիրներէն)։ Մղուած բարգաւաճող զբօսաշրջութեամբ (1,6-էն բարձրանալով 2,2 միլիոն այցելուներու) եւ տարեկան մօտաւորապէս 6 միլիառ տոլարի դրամական փոխանցումներով, Հայաստան կը վերագտնէ իր կեդրոնական դիրքը՝ դառնալով տարածաշրջանային իսկական հանգոյց մը (hub): Երկիրը կը շեշտադրէ նաեւ իր ուժանիւթային անկախութիւնը. արեգակնային ուժանիւթը, որ կը խթանուի Եւրոպայէն կրկնապատիկ աւելի ճառագայթումով, արդէն իսկ կը ներկայացնէ ուժանիւթային ցանցին 16-17%-ը։ Զարգացման համար անհրաժեշտ խաղաղութեան այս
համածիրին մէջ, պրն Գրիգորեան շեշտադրեց տեղւոյն վրայ հիանալի վարկ վայելող ֆրանսական ընկերութիւններուն ընձեռուած բացառիկ առիթը։
Այս նոյն աշխուժ ընթացքը կատարելապէս պարզուեցաւ Mistral AI-ի կառավարական գործընկերութիւններու պատասխանատու Ուիլիամ Էլ-Սայէտի ելոյթով։ Արհեստական բանականութեան եւրոպական պարծանքը հանդիսացող Mistral AI ռազմավարական գործընկերութիւն մը հաստատած է հայկական պետութեան հետ։ Նպատա՞կը։ Զարգացնել տեղական կարիքներուն յարմարցուած բաց աղբիւրներու (Open Source) մոտէլներ՝ կենսական ենթակառոյցներն ու հանրային ծառայութիւնները (առողջապահութիւն, վարչական համակարգ, տեղեկատւութիւն) արդիականացնելու համար՝ ընդգրկելով տուեալներու հսկայական կեդրոնի (data center) մը կառուցումը։ Ողջունելով հայկական կրթական համակարգի գերազանցութիւնը — յատկապէս ԹՈՒՄՕ կեդրոնը, որ կը կերտէ երիտասարդներուն քննադատական միտքը,— Ուիլիամ Էլ-Սայէտ հաստատեց, որ Հայաստան կը պարտադրէ ինքզինք իբրեւ առաջնակարգ արհեստագիտական տարրալուծարան մը։
Պաշտպանութիւն եւ անվտանգութիւն. գերիշխանութեան բանակի մը կառուցումը
Երկրորդ նիստը, որ վարեցին Թալին Փափազեան (դասախօս Փարիզի Քաղաքական գիտութիւններու հիմնարկին մէջ / Sciences Po) եւ Կիյոմ Անսել (նախկին փոխգնդապետ եւ « Ne Pas Subir » կայքագիրի [blog] հեղինակ), արծարծեց ռազմական բարեփոխումներու կենսական հարցը։ Դասեր քաղելով 2020-ի պարտութիւններէն եւ 2022-ի սեպտեմբերեան ազերպայճանական յարձակումներուն դիմաց պաշտպանական կառոյցին փլուզումէն,— որոնք ապացուցեցին ռուսական դաշինքի անարդիւնաւէտութիւնը,— հայկական ռազմական հայեցակարգը արմատապէս փոխուած է։ Այլեւս հարցը Լեռնային Ղարաբաղի խճճուած կացութեան (imbroglio) մէջ բանակ մը կառուցելու մասին չէ, այլեւ՝ ինքնիշխան տարածքը պաշտպանելու մասին։
Այս մէկը իրագործելու համար, Հայաստան կը գործակցի բազմազան գործընկերներու հետ. Ֆրանսան՝ մարդկային աղբիւրներու եւ մարզումներու համար, Միացեալ Նահանգներն ու Մեծն Բրիտանիան՝ ռազմավարական մտածողութեան համար, իսկ Հնդկաստանը՝ զինամթերքի համար։ Թալին Փափազեան ընդգծեց, որ ռազմական համակարգի վերափոխումը երկար գործընթաց մըն է, որ կ՚անցնի արհեստավարժութեան եւ կամաւորագրութեան ընդմէջէն, ու կը պահանջէ իսկական «ռազմական մշակոյթի» մը վերաներարկումը այնպիսի հասարակութեան մը մէջ, որ սխալմամբ ինքզինք զերծ կը կարծէր պատերազմէն։ Հրատապութեան դիմաց («չենք կրնար ուրիշներուն վրայ յոյս դնել»), պաշտպանութիւնը կը դառնայ բոլորին հարցը՝ պահանջելով քաղաքացիական-ռազմական ամուր յարաբերութիւններ (ինչպէս արդի բանակներու պարագային, որոնք զօրաշարժի կ՚ենթարկուին մեծ իրադարձութիւններու անվտանգութեան համար, օրինակ՝ Ողիմպիական խաղերը) եւ սփիւռքի գործօն ներգրաւումը իբրեւ իսկական ռազմավարական ուժ։
Աշխարհաքաղաքականութիւն եւ դիւանագիտութիւն. եւրոպական խաղադրոյքը
Եւ վերջապէս, վերջին կլոր սեղանը վերլուծեց Երեւանի եւ Արեւմուտքի միջեւ պատմական մերձեցումը։ Կայծ Մինասեանի (լրագրող եւ Sciences Po-ի դասախօս) համար, Հայաստան-Եւրոպա յարաբերութիւնը բնոյթ փոխած է. ան այլեւս հաստատութենական եւ պետական է։ Եւրոպան, տարուած՝ ռուսական կայսրութեան մը վերածնունդը արգիլելու մտահոգութեամբ, կը քաջալերէ Հայաստանի լիակատար գերիշխանութիւնը՝ իրաւունքի եւ պատասխանատուութեան վրայ հիմնուած չափորոշիչ (normatif) ու քաղաքացիական մօտեցումով։ Պրն Մինասեան յատկապէս ընդգծեց Ֆրանսայի եւ նախագահ Մաքրոնի վճռորոշ դերակատարութիւնը, առանց որոնց Հայաստանի աշխարհաքաղաքական գոյատեւումը լրջօրէն վտանգուած պիտի ըլլար, մինչ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր մը ստորագրման փուլին մէջ կը գտնուի։
Միւրիէլ Տոմենաք, ՕԹԱՆ-ի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպանը, իրապաշտական դիւանագիտական լուսաբանում մը կատարեց Հայաստանը Մոսկուայի ուղեծիրէն հեռացնելու միտող այս թափին մասին։ Ան յատկապէս արժեւորեց Եւրոպական քաղաքական համայնքի (CPE) յառաջիկայ վեհաժողովը, որ նախատեսուած է Մայիս 4-ին Երեւանի մէջ, ուր պիտի համախմբուին 47 պետութիւններու ղեկավարներ, եւ որ պիտի պարունակէ երկկողմանի կենսական հանդիպումներ։ Այսուհանդերձ, ան յստակատեսութեամբ յիշեցուց այս շրջադարձին վտանգներն ու սահմանափակումները. եթէ Հայաստան կ՚ուղղուի դէպի Եւրոպա, ան տակաւին պաշտօնական թեկնածութիւն չէ ներկայացուցած Եւրոպական Միութեան (ԵՄ), եւ ստիպուած է հաշուի նստիլ տարածաշրջանային պայթիւնավտանգ իրականութեան մը հետ՝ յատկանշուած Ղարաբաղի ողբերգութեամբ, Ազերպայճանի մէջ պահուող գերիներու հարցով եւ իր ինքնիշխան տարածքէն 200 քառակուսի քիլոմեթրի շարունակուող բռնագրաւումով։ ■
