Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ. «Երազ» փառատօնին հանդիսաւոր բացումը Մոն տը Մարսանի մէջ

Մարտ 21-ի երեկոյեան, Մոն տը Մարսանի Théâtre de Gascogne-ի սրահին մէջ տեղի ունեցած է հայ մշակոյթի «Երազ» երկշաբաթեայ փառատօնին հանդիսաւոր բացումը։

Արարողութեան ներկայ եղած են, ի շարս այլ անձնաւորութիւններու՝ Մոն-տը-Մարսանի քաղաքապետ Շառլ Տայօ, փառատօնը հովանաւորող հանրածանօթ դերասան, բեմադիր Սիմոն Աբգարեան, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան տիկին Յասմիկ Տոլմաջեան…։

Փառատօնի այլապէս ճոխ յայտագրի բացման ձեռնարկներն էին Անթուան Ակուճեանի «Լռութեան աղաղակը» խորագրեալ լուսանկարներու ցուցահանդէսը եւ «Լատանիվա» խումբին համերգը։

Երեւոյթին արդէն անդրադարձած էինք Մարտ 10-ի մեր թիւով (1712). ծածկոյթի մեր էջերով յաջորդաբար կը ներկայացնենք նաեւ յայտագիրը։