Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի վարչակազմին կողմէ ներկայացուած տուեալներուն համաձայն՝ շրջանին մէջ առկայ է 1048 բնակելի տուն, որ վերանորոգելէ ետք նախատեսուած է տրամադրել պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած քաղաքացիներուն։
Քաղաքաշինութեան նախարարութենէն «Արցախփրէս»-ին տեղեկացուցած են, թէ 80 բնակելի տուներու վերանորոգման աշխատանքները արդէն աւարտած են, իսկ 65 բնակարանի նորոգութեան աշխատանքը ընթացքի մէջ է։