Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Բոլորս միասին, յանուն Արցախի

Ընդառաջելով ՀՅԴ-ի, Հայ դատի, Ֆրանսահայ Կապոյտ խաչի, Համազգայինի եւ ՀՅԴ Նոր սերունդի կոչին՝ Արցախին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու վճռակամ հարիւրաւոր Հայեր հաւաքուած էին Հինգշաբթի, Ապրիլ 14-ի երեկոյեան,  Փարիզի մէջ Ազերպայճանի դեսպանատան դիմաց: Ներկաներու շարքին էին Արցախի ի նպաստ պայքարի առաջնագիծին կանգնած դէմքեր՝ երեսփոխաններ Իզապէլ Սանթիակօ, Ֆլորանս Փրովանտիէ եւ Ֆրանսուա Փիւփոնի, ինչպէս նաեւ «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն։

Ցուցարարները եկեր էին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով ու հայկական երկու պետութիւններուն անսասան զօրակցութիւն յայտնող զանազան արձանագրութիւններ կրող պաստառներով։

ՀՅԴ-ի անունով Հրաչ Վարժապետեան, Հայ դատի անունով Ժիւլ Պոյաճեան եւ ՀՅԴ Նոր սերունդի անունով Նժդեհ Քարաքաւորեան բուռն ելոյթներ ունեցան՝ կոչ յղելով համայն Հայութեան համախմբուելու՝ պաշտպանելու համար Արցախը, եւ դատապարտելով արտաքին ու ներքին թշնամիներու վերաբերումը։

Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի անունով Պէաթրիս Անանեան եւ Համազգայինի անունով Աննա Յովհաննէսեան արտայայտուեցան նուազ քաղաքական ելոյթներով. առաջինը աւելի ծանրացաւ մարդասիրական երեւոյթին վրայ, յարգանքի տուրք մատուցելով Արցախցիներուն եւ ի մասնաւորի արցախցի կնոջ դերին, երկրորդը՝ Արցախի հայկական հարուստ ժառանգութեան վրայ, որ լրջօրէն վտանգուած է։

Ֆրանսուա Փիւփոնի եւ Իզապէլ Սանթիակօ իրենց կարգին վերահաստատեցին իրենց անձնական, ինչպէս նաեւ շատ մը այլ ընտրեալներու զօրակցութիւնը: Երկուքն ալ յայտնեցին Ֆրանսան աւելի յանձնառու տեսնելու իրենց փափաքը՝ թէ՛ Արցախի բնակչութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու,– որ այսօր կախեալ է միայն Ռուսաստանէն,– թէ՛ ալ վերջապէս Արցախի ճանաչումը ձեռք ձգելու առումով։ 

CCAF-ի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի ելոյթով եզրափակուեցաւ զօրակցութեան այս հանրահաւաքը։ Ան յստակօրէն դատապարտեց ոչ միայն Թուրքիա-Ազէրպայճան դաշնակից զոյգին յարձակունակութիւնը եւ արեւմտեան երկիրներու անգործութիւնը, այլեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կնքած վերջին համաձայնութիւնները։ Փափազեան յիշեցուց, որ եթէ Արցախը իյնայ, ատիկա դուռ պիտի բանայ Սիւնիք եւ ամբողջ Հայաստան ներխուժման։