Մեծարանք եւ ժխտում
Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներու Սուրբ Խաչ ընկերակցութիւնը քաջութիւնը ունեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմի անդրանիկ առաջնորդին նուիրուած մեծարանքի երեկոյթ մը կազմակերպելու։ Բնականաբար, ընթերցողին մտքին մէջ ծագող առաջին հարցումը այն է, թէ ինչո՞ւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմական խորհուրդը, Փարիզի ծուխը կամ առաջնորդը նման նախաձեռնութեամբ հանդէս չեկան, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք այն հանգամանքը, որ Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեան եղած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի հիմնադիրն ու անդրանիկ առաջնորդը։ Երեւոյթը ա՛լ աւելի գայթակղեցուցիչ կը դառնայ, եթէ նկատի ունենանք, որ առաքելական թեմէն ոեւէ եկեղեցական ներկայ չգտնուեցաւ սոյն հանդիսութեան։ Հարց է, թէ ո՞վ է արգիլողը կամ ի՞նչ է պատճառը։
Այս երեւոյթը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ապրած ներկայ տագնապին կարեւոր մէկ ցուցիչն է։ Հասկնալու համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարձրաստիճան եկեղեցականներուն շուրջ ստեղծուած ճգնաժամին էութիւնը, կ՚արժէ մօտէն քննել Ֆրանսայի հայ առաքելական թեմին կողմէ իր նախկին առաջնորդին մեծարանքը զլանալու պարագան։ Հակառակ Մայր Աթոռի միաբան ըլլալուն, արքեպիսկոպոսի աստիճան ստացած ըլլալուն եւ Վազգէն Ա. ու Գարեգին Ա. երանաշը-նորհ վեհափառներու օրօք ծառայած ըլլալուն՝ ան այսօր չ՚արժանանար Առաքելական թեմին գնահատանքին։ Ինչո՞վ կը պայմանաւորուի տասնեակ տարիներու անոր ծառայութեան ժխտումի այս քայլը։
Սա նշանակալի ցուցանիշ մըն է, որուն արմատները կ՚երկարին մինչեւ Նորվան Սրբազանը թեմական առաջնորդութենէն հրաժարելու մղող ազդակները, կը հասնին մինչեւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի անյարգալից վերաբերումը Ֆրանսայի առաջնորդին նկատմամբ եւ անոր սպառնալի ու ամօթալի խօսքերը թեմական խորհուրդի անդամներուն առջեւ։ Դէպքեր, որոնք Սրբազանին հրաժարականէն տասնեակ տարիներ ետք կրկին հանրային քննարկումի առարկայ կը դառնան։ Նոյնիսկ Վեհափառին հրաժարականը պահանջող բարենորոգիչ տասը բարձրաստիճան հոգեւորականներու խմբակին կողմէ այս մէկը կը մատնանշուի իբրեւ վկայութիւն՝ Մայր Աթոռի միաբաններուն հանդէպ Վեհափառին դրսեւորած բռնատիրական վերաբերումին, ինչպէս նաեւ հայրական խնամքի եւ քրիստոնէական սիրոյ վարդապետութեան փոխարէն՝ ուժի, սպառնալիքի ու պարտադրանքի կիրարկումին։
Այս մօտեցումը, որ տակաւին ուժի մէջ է, կ՚արգիլէ Ֆրանսայի հայ առաքելական թեմի ղեկավարութեան մեծարել իր արժանաւոր միաբաններէն մէկը կամ նոյնիսկ մասնակցիլ ի պատիւ անոր կազմակերպուած հանդիսութեան։ Այլապէս ինչո՞վ բացատրել այս հրաժարումը։
Երբ նկատի կ՚ունենանք մեծարեալ Նորվան Սրբազանի եկեղեցական, հոգեւոր, կրթական ու մշակութային նուիրումն ու տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ, հակառակ հանգստեան կոչուած ըլլալուն, անոր վայելած համաժողովրդական սէրը, ատիկա միայն պատիւ կը բերէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ։ Հետեւաբար, ոչ մէկ արդարացում կայ անոր հանդէպ անտեսումի այս քաղաքականութիւնը կիրարկելու համար։
Մայր Աթոռին կողմէ ժխտումի այս քաղաքականութիւնը նկատելի դարձած էր նաեւ Աւստրիոյ մէջ կայացած Եպիսկոպոսաց ժողովին առիթով, որուն Նորվան արքեպիսկոպոսն ու չորս այլ արքեպիսկոպոսներ հրաւիրուած չէին։
Ժ.Չ. ■
