Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – ԳԱՆՆ. ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի հանդիպումը Գաննի քաղաքապետին հետ

ՀՀ դեսպանութեան դիմագիրքեան հաղորդումէն կ՚իմանանք, թէ Մայիս 20-ին, Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան հանդիպում ունեցած է Գաննի քաղաքապետ, Ֆրանսայի քաղաքապետերու ընկերակցութեան նախագահ Տաւիտ Լինառի հետ։ 

Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին՝ կողմերը միտքերու փոխանակում ունեցած են միջազգային ներկայ գործընթացներու վերաբերեալ, անդրադառնալով նաեւ հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին, այդ կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հոլովոյթին։

Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետին՝ ֆրանսահայ համայնքին եւ Հայաստանի նկատմամբ անոր շեշտուած ուշադրութեան, ինչպէս նաև ֆրանքեւհայկական աւանդական բարեկամութեան ուղղութեամբ իրագործած աշխատանքներուն համար։

Քաղաքապետը եւ դեսպանուհին անդրադարձած են նաեւ շարժարուեստի բնագաւառին մէջ համագործակցութեան հեռանկարներուն եւ ապագայի ծրագրերուն։