Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ. Վառնայի մէջ Շառլ Ազնաւուրի յուշարձանին բացումը կատարուած է

Orer.eu-էն կը տեղեկանանք, թէ «Ազնաւուր» հիմնադրամին եւ ՀԲԸՄ-ի Վառնայի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, Մայիս 31-ին Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքի Սոյետինենի հրապարակին վրայ հանդիսաւոր արարողութեամբ Շառլ Ազնաւուրի յուշարձանին բացումը կատարուած է։ Յուշարձանին հեղինակն է պուլկարացի քանդակագործ Քրազիմիր Անկելովը։

Արարողութեան ներկայ եղած են Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եդիգարեան, Ֆրանսայի դեսպանութեան մշակոյթի կցորդ Իվա Տիքովա, Պուլկարիոյ Նորարարութեան եւ զարգացման նախարար Տանիէլ Լորեր, Վառնայի քաղաքապետ Իվան Փորթնիխ, ՀԲԸՄ Վառնայի վարչութեան պատուոյ անդամ Լեւոն Համբարձումեան, ինչպէս նաեւ Պուլկարիոյ խորհրդարանականներ, գործարարներ, հայ համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Յուշարձանը օրհնած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ, Պուլկարիոյ առաջնորդական փոխանորդ, Պալքանեան երկիրներու Հայրապետական պատուիրակ  Տաթեւ եպիսկ. Յակոբեան։

Բանախօսները ներկայացուցած են Ազնաւուր երգիչն ու արուեստագէտը եւ շնորհակալութիւն յայտնած Վառնայի իշխանութիւններուն՝ սոյն ձեռնարկին աջակցելնուն համար։