Search
Close this search box.

Ռուս դիւանագէտ Մաքսիմ Սելեզնիով.– “Քանի դեռ նոր ճանապարհը կառուցուած չէ, ռուս խաղաղապահները գործող միջանցքէն սանթիմեթր մ՚իսկ չեն շարժիր”

Օգոստոս 17-ին, «Ազատութիւն» լրասփիւռին տուած հարցազրոյցին, Ռուսաստանի դեսպանութեան խորհրդական Մաքսիմ Սելեզնիով յայտարարած է, թէ ռուս խաղաղապահները ո՛չ մէկ սանթիմեթր կը շարժին Լաչինի գործող միջանցքէն, քանի դեռ նոր ճանապարհը շահագործման չէ յանձնուած։

Բարձրաստիճան դիւանագէտը ընդգծած է, որ այս կապակցութեամբ համաձայնութիւններ կան եւ կողմերը ուղղակի կապի մէջ են՝ առանց սակայն մանրամասնելու թէ համաձայնութիւնները ինչի՞ կը վերաբերին եւ որո՞նք են ուղղակի կապի մէջ եղող կողմերը։

“Ռուսաստանի խաղաղապահները իրենց տեղերէն կը շարժին մի՛այն այն պահուն, երբ Լաչինի նոր միջանցքը բացուի։ [2020 Նոյեմբեր 9-ի] եռակողմ յայտարարութեան մէջ նշուած է քայլերու յաջորդականութիւնը՝ նախ կը կառուցուի միջանցքը, եւ անոր գործարկումէն ետք է որ ռուս խաղաղապահները կը հաստատուին հինգ քիլոմեթրնոց միջանցքին՝ այդ ճանապարհին շուրջ”, – նշած է Սելեզնիով: