Ուշագրաւ յայտնաբերումներ Ամբերդ ամրոցի պեղումներուն ընթացքին

Հնածոյ

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութիւնը յայտարարած է, որ «Ամբերդ ամրոց» պատմամշակութային արգելոցին մէջ ընթացող վերականգնման եւ պեղման շարունակական աշխատանքները ի յայտ բերած են շարք մը նոր ուշագրաւ գտածոներ: Հնագէտները յայտնաբերած են Կովկասի ամէնէն ազդեցիկ կառավարիչներէն մէկուն՝ Թամար թագուհիին պատկանող հազուագիւտ մետաղադրամ մը, ինչպէս նաեւ մարդկային լաւ պահպանուած կմախք մը եւ միջնադարեան առօրեայ կեանքի մասին նոր պատկերացումներ տուող արժէքաւոր իրեր:

Աշխատակիցները մարդկային կմախքը յայտնաբերած են ամրոցի ներքին աշտարակի արտաքին պատին մօտակայքը՝ կեդրոնական հատուածէն մօտաւորապէս մէկ մեթր դէպի արեւելք: Ոսկորներուն շուրջ 90 տոկոսը անխաթար մնացած է: Ակռաներու կառոյցէն դատելով՝ մասնագէտները կ՚ենթադրեն, որ անհատը երիտասարդ եղած է:

Մաքրման աշխատանքներուն ընթացքին գտնուած են նաեւ տամա յիշեցնող միջնադարեան սեղանի խաղի մը խաղաքարեր, որոնք կը վկայեն ամրոցի բնակիչներուն առօրեայ ժամանցին մասին։ Իսկ 12-րդ դարու վրաց թագուհիին եզակի մետաղադրամը յաւելեալ լոյս կը սփռէ այն ժամանակաշրջանին վրայ, երբ անոր իշխանութիւնը կը տարածուէր Հարաւային Կովկասի մեծ մասին վրայ՝ ընդգրկելով նաեւ հայկական տարածքներ:

Ամբերդի մէջ պեղումներն ու մաքրման աշխատանքները կը շարունակուին՝ ի յայտ բերելով միջնադարեան ամրոցի պատմութեան նորանոր դրուագներ: