Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեանի դէմ եւս մեղադրանք յարուցուած է

 

Հայաստանի մէջ անոր պաշտօնավարումը առկախուած է

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Միքայէլ Արզումանեանի բանտարկութեան յաջորդ օրն իսկ, Հայաստանի Քննչական կոմիտէն այս անգամ  հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետ, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեանի դէմ եւս  մեղադրանք յարուցուած է եւ վերջինիս պաշօնավարումը առկախուած է։

Հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է, թէ Քննչական կոմիտէի լայնածաւալ գործողութիւններով ի յայտ եկած է, որ  զինուորական ղեկավարի պաշտօնը վարած, կոչումով՝ զօրավար Ջալալ Յարութիւնեան, Ազերպայճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան սանձազերծած պատերազմի ընթացքին, յայտարարուած ռազմական դրութեան պայմաններու տակ՝ անփոյթ վերաբերում դրսեւորած է իր ծառայողական պարտականութիւններու նկատմամբ, ինչ որ ունեցած է ծանր հետեւանքներ, իր ստորաբաժանումները կրած են մեծաթիւ մարդուժի եւ զինական սարքերու կորուստներ, այդ պատճառով ալ հայկական դիրքերը անցած են հակառակորդի հսկողութեան տակ։

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։