Մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-էն կը տեղեկանանք, թէ Գալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումը նամակ մը յղած էր Նահանգային պատմական հարստութիւններու յանձնախումբին՝ խնդրելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած Մոնթեպելլոյի յուշարձանը ներառուի Գալիֆորնիոյ նահանգային կոթողներու ցանկին մէջ։
Նամակին մէջ շեշտուած էր, որ հայկական եկեղեցւոյ գմբէթը յիշեցնող եւ արդիական ոճով կառուցուած յուշարձանը 1968-էն ի վեր դարձած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը ոգեկոչելու վայր մը՝ աւելցնելով, որ ան հանրային տարածքի մը վրայ կառուցուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան առաջին յուշարձանը կը հանդիսանայ։
Յանձնաժողովը ընդունած է դիմումը եւ յուշարձանը պաշտօնապէս Գալիֆորնիոյ նահանգային կոթողներու ցանկին մէջ ներառուած է Փետրուար 21-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցած պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։