Ֆրանսացի հիւրերը Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ
2022 թուականէն ի վեր Հայաստանի ազգային պատկերասրահը կը մասնակցի Եւրոպայի խորհուրդի Մշակութային ծրագրի «Տպաւորապաշտութեան ուղիներ» ծրագրին։
Վերահաստատելով եւրոպական մշակութային համայնապատկերին մէջ հայկական մշակոյթը հանրութեան ծանօթացնելու եւ միջմշակութային երկխօսութեան ուղղուած թանգարանի հայեցակարգային ռազմավարութիւնը՝ Պարպիզոնի (Ֆրանսա) «L’esquisse» մշակութային կեդրոնին մէջ պիտի ցուցադրուին Հայկական տպաւորապաշտ նկարչութիւնը ներկայացնող բարձրարժէք գործեր՝ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի հաւաքածոյէն:
Ֆրանսացի հիւրերը Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջՖրանսացի հիւրերը Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ
Ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած են գլխաւորաբար 20-րդ դարու առաջին երեք տասնամեակներուն ստեղծագործող հեղինակներու 30-է աւելի գեղանկարչական աշխատանքներ, մասնաւորաբար՝ անուանի արուեստագէտներ Վարդգէս Սուրէնեանցի, Եղիշէ Թադէոսեանի, Վահրամ Կայֆէճեանի, Կարապետ (Շառլ) Ադամեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Սեդրակ Առաքելեանի ստեղծագործութիւնները:
Համագործակցութեան ծիրէն ներս Հայաստանի ազգային պատկերասրահի տնօրէն Մարինա Յակոբեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայէն ժամանած պատուիրակութեան հետ, քննարկուած են ցուցադրութեան ընթացքին իրականացուելիք շարք մը մշակութային միջոցառումներ եւ ծրագրեր, թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ: Հիւրերը շրջած են Հայկական արուեստի վերաբացուած սրահներուն մէջ եւ ծանօթացած թանգարանի հաւաքածոյին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։