Փետրուար 18-ին, Գորիսի պետական համալսարանը հիւրընկալած է Ֆրանսայի Լիլ քաղաքի համալսարանի բնապահական գիտութիւններու հիմնարկի (IRePSE) տնօրէն, դասախօս Դանիէլ Դանիէլեանը, Լեզուներու, մշակոյթներու եւ ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքի, Կիրառական օտար լեզուներու ամպիոնի դասախօս, PECO/CEI միջազգային փոխանակման գծով պատասխանատու Գարիկ Գալստեանը, Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) երկրաբանական գիտութիւններու հիմնարկի ներկայացուցիչները:
Հանդիպումին նպատակն էր Գորիսի պետական համալսարանի, Լիլի համալսարանի եւ ԳԱԱ-ի երկրաբանական գիտութիւններու հիմնարկին միջեւ կրթական ու գիտահետազօտական գործակցութեան կարելիութիւններու քննարկումը, ինչպէս նաեւ դասախօսներու եւ ուսանողներու փոխադարձ այցելութիւններուն վերաբերող միասնական ծրագրերու հեռանկարներուն առնչուող հարցերու արծարծումը:
Գորիսի համալսարանի տնօրէն Տիգրան Վանդունց ողջունելով հիւրերը ընդգծած է համալսարանի գիտակրթական գործակցութեան ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով, թէ համալսարանը բաց է նոր գործակցութիւններու համար եւ պատրաստ է աշխուժօրէն ներգրաւուելու միասնական ջանքերով կազմակերպուած կրթական ու գիտահետազօտական ծրագրերու մէջ:
Կողմերը ներկայացուցած են իրենց համալսարաններու գիտակրթական գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները՝ շեշտելով զբօսաշրջութեան, բուսաբանութեան եւ բնապահութեան մարզերուն մէջ միասնական ծրագրերու կարեւորութիւնը:
Հանդիպման աւարտին համալսարաններու ներկայացուցիչները ծանօթացած են Գորիսի համալսարանի ենթակառոյցներուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։