ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Հայաստան առանձին տաղաւարով պիտի մասնակցի Լայփցիկի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին 

Հայկական տաղաւարը մեծ մասամբ յատկացուած պիտի ըլլայ Աւ. Իսահակեանին

Մարտ 27-30 տեղի ունեցող Լայփցիկի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին՝ Հայաստան պիտի մասնակցի առանձին տաղաւարով։ 

Այս տարի հայկական տաղաւարի առիւծի բաժինը յատկացուած է հայ մեծանուն բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանին, անոր ծննդեան 150-ամեակին առիթով։ Անոր նուիրուած ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի համագործակցութեամբ։

Հայկական տաղաւարին մէջ պիտի ներկայացուին նաեւ վերջին տարիներուն հրատարակուած հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան վերաբերող գիրքեր, ինչպէս նաեւ հայ դասական եւ ժամանակակից հեղինակներու ստեղծագործութիւններ:

Լայփցիկի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսը համագործակցութեան եւ հաղորդակցութեան կարեւորագոյն հարթակ մըն է, որ կը համախմբէ ամբողջ աշխարհի գրական համայնքները, ընթերցողները, պետական կառոյցները, հրատարակչութիւնները, գրական գործակալութիւնները, թարգմանիչներ, սեփական ընկերութիւններ, լրասփիւռներու մասնագէտներ։

Լայփցիկի մէջ պիտի բացուի Աւետիք Իսահակեանի յուշատախտակը

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան եւ Լայփցիկի քաղաքապետարանի համագործակցութեամբ, Մարտ 25-ին Ֆրիտրիխ Էպերթ Շթրասէ-27 հասցէին (Friedrich-Ebert-Strasse 27) պիտի բացուի Աւետիք Իսահակեանի յուշատախտակը, որ կը կրէ «Ինքնութիւն» խորագիրը: Լայփցիկի համալսարանին մէջ ուսանելու տարիներուն Աւետիք Իսահակեան ապրած է վերոնշեալ հասցէին։

Յուշատախտակը կը ներառէ տեղեկութիւններ բանաստեղծի լայփցիկեան տարիներուն մասին՝ միաժամանակ փաստելով, որ Իսահակեան՝ Եոհաննէս Լեփսիուսի եւ Ժոզէֆ Մարքարթի հետ միասին եղած է հայ-գերմանական ընկերակցութեան հիմնադիրներէն: Յուշատախտակին ամրացուած պիտի ըլլայ նաեւ Գիւմրիի սեւ տուֆը՝ որպէս հայկականութեան խորհրդանիշ, զոր շատ կը սիրէր Իսահակեան, եւ իր երեւանեան տունը եւս կառուցուած է այդ տուֆէն: Յուշատախտակին վրայ պիտի ըլլայ QR ծածկագիր, որով մարդիկ պիտի կարենան դիտել Իսահակեանի եւ Գերմանիոյ առնչութիւններուն մասին գերմաներէն տեսանիւթ մը:

Յուշատախտակի բացումէն ետք «Alte Börse» համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ դասական երաժշտութեան համերգ մը. պիտի ներկայացուին Իսահակեանի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ յօրինուած երգեր:

Ցուցահանդէսին բացման օրը՝ Մարտ 27-ին, տեղի պիտի ունենայ Իսահակեանի «Աբու Լալա Մահարի»-ի գերմաներէն հրատարակութեան շնորհահանդէսը։ Նոյն օրը պիտի ցուցադրուի նաեւ «Վարպետը» ժապաւէնը։