Թուրք նախարար. «Զանգեզուրի միջանցքը պիտի անցնի Հայաստանէն կամ Իրանէն. յառաջիկայ ամիսներուն Թուրքիա պիտի սկսի այդ ուղղութեամբ աշխատանքները» 

Թուրքիոյ Փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու՝ Պոլսոյ Արհեստագիտական համալսարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին յայտարարած է, թէ «յառաջիկայ ամիսներուն Թուրքիա պիտի սկսի Զանգեզուրի միջանցքի՝ իր տարածքէն անցնող 224 քիլոմեթր հատուածի կառուցման աշխատանքները»։ Լուրը կը հաղորդէ milliyet.com:

“Զանգեզուրի միջանցքը պիտի սկսի Ազերպայճանէն, պիտի անցնի Հայաստանէն կամ Իրանէն, ապա Նախիջեւանէն, յետոյ Տիլուճուէն եւ Կարսէն ու պիտի միանայ Պաքու-Թիֆլիս գիծին։ Փաստօրէն, ան նաեւ որոշ առումով պիտի միանայ մեր երկրի երկաթուղային ցանցին։ Այդ ուղղութեամբ շինարարական աշխատանքները ազերպայճանական կողմի հատուածին մէջ կը շարունակուին”,– աւելցուցած է ան: