ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ, Մարտ 25-ին տեղի պիտի ունենայ «Une vie d’amour» («Սիրով լի կեանք մը») խորագրեալ հանդիսաւոր համերգ մը՝ նուիրուած Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին:
Երեկոյթը կազմակերպած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութիւնը՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան եւ Հայաստանի՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ազգային յանձնախումբին աջակցութեամբ։
Շառլ Ազնաւուրի հարուստ եւ իւրայատուկ երաժշտական ժառանգութիւնը պիտի ներկայացնէ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը՝ խմբավար Էդուարդ Թոփչեանի ղեկավարութեամբ. Մեներգիչներն են՝ Ինկա Արշակեան, Գոռ Սուչեան, Գուրգէն Բաւէեան եւ Ժիւլ Կրիզոն:
Համերգի ընթացքին պիտի հնչեն Ազնաւուրի սիրուած եւ ճանչցուած երգերը, որոնք անջնջելի հետք ձգած են համաշխարհային երաժշտութեան մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։