Ազերպայճանի կողմէ գրաւուած տարածքին գտնուող Ներքին Հանդ գիւղի՝ Մեծ հայրենական պատերազմի զոհերուն նուիրուած յուշարձանը քանդուած է, ըստ գիւղապետ Խաչատուր Բաղդասարեանի:
“Մենք կը տեսնենք որ գերեզմանոցը չէ քանդուած, բայց հոն շինուած է նոր կառոյց մը, որ յստակօրէն տեսանելի է: Սա կը թելադրէ որ ազերպայճանցիները հոն զօրանոց կառուցած են, յուշարձանի տեղը”,– ըսած է ան:
Գիւղի բնակիչ մը նշած է որ յուշարձանը տեսանելի էր մինչեւ վերջերս, բայց մէկ ամիսէ ի վեր անհետացած է տեսադաշտէն, ինչ որ զիրենք մղած է ենթադրելու, որ զայն քանդած են:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։